 
		Նուիրաբերուած 100 Թոն Պարէնամթերքը Գորիսէն Հնարաւոր Չէ Արցախ Հասցնել՝ Ճանապարհի Արգելափակման Պատճառով
«Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ Արցախին հրատապ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու ծրագիրին ծիրէն ներս նուիրաբերած 100 թոն պարէնամթերքը կը գտնուի Գորիս քաղաքին մէջ, եւ ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհին արգելափակման պատճառով հնարաւոր չէ զայն հասցնել Արցախ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ հասարակական զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարութենէն։
«Ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ կը տարուին բանակցութիւններ՝ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին մէջ մարդկայնական բեռը Արցախի Հանրապետութիւն հասցնելու ուղղութեամբ:
Բեռը տեղափոխելու հնարաւորութեան պարագային՝ անիկա պիտի պահեստաւորուի ԱՀ հասարակական զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարութեան կողմէ եւ անվճար բաշխուի խոցելի խումբերուն՝ ըստ նախարարութեան ցուցակներուն:
Նշուած իրավիճակին մէջ անթուլատրելի կը համարենք այս թեմային շուրջ համացանցով եւ բնակչութեան մէջ ձեռնավարական (manipulative) տեղեկութիւններու տարածումը, որոնք կը հետապնդեն հանրութիւնը բացայայտօրէն մոլորեցնելու նպատակ»,- կը նշուի նախարարութեան կողմէ:
