
Միջազգային Հանրութիւնը Կոչերէն եւ Դատապարտումներէն Յստակ Հասցէական Քայլերու Պէտք է Անցնի․ ԱՀ ՄԻՊ
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը Կրթութեան միջազգային օրուան առիթով նամակ ուղարկած է ԵԽ մարդու իրաւունքներու յանձնակատարին, UNICEF-ի գլխաւոր տնօրէնին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող միջազգային այլ կազմակերպութիւններու եւ դերակատարներու: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ ՄԻՊ-էն։
Պաշտպանը անդրադարձած է ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով յառաջացած մարդկայնական ճգնաժամին, Արցախի կարեւոր ենթակառուցուածքներու աշխատանքի միտումնաւոր խափանումներուն եւ անոնց հետեւանքով երեխաներու կրթութեան եւ այլ հիմնարար իրաւունքներու խախտման:
Պաշտպանը նշած է, որ անընդունելի է միջազգային հանրութեան ցուցաբերած անգործունեայ վերաբերմունքը, որ կը յանգեցնէ Արցախի տասնեակ հազարաւոր երեխաներու կրթութեան եւ այլ հիմնարար իրաւունքներու կոպիտ խախտման, եւ կոչ ըրած է նշուած կազմակերպութիւններուն ու դերակատարներուն՝ կոչերէն եւ դատապարտումներէն անցնելու յստակ հասցէական քայլերու եւ հաւատարիմ մնալու ՄԱԿ-ի Երեխաներու իրաւունքներու մասին 1989թ. համաձայնագրով ամրագրուած սկզբունքներուն: