Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան Ներկայացուած են Հայաստանի Ամբողջական Գանգատն ու Պահանջները Ընդդէմ ազրպէյճանի

Աշխարհ, Հայաստան

Յունուար 23-ին, շուրջ մէկ տարուան նախապատրաստական աշխատանքէն ետք, Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուցած է Հայաստանի ամբողջական գանգատն ու պահանջները ընդդէմ ազրպէյճանի Ռասսայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագրին ծիրէն ներս: Այս մասին կը յայտնեն Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցչութենէն։

«Այդ պահանջները ընդհանուր առմամբ կը վերաբերին ազրպէյճանի կողմէ տասնամեակներ շարունակ հայերու եւ հայկականութեան հանդէպ տարուող ատելութեան եւ խտրական վերաբերմունքին հետեւանքով յառաջացած խախտումներու արձանագրման եւ պատճառուած վնասի հատուցման:

Ինչպէս հայտնած էինք նախապէս՝ 2021 թուականի Սեպտեմբեր 16-ին Հայաստանը ներկայացուցած էր գանգատ ընդդէմ ազրպէյճանի՝ Ռասսայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագրի խախտման հիմքով: Դատարանը սահմանած էր ժամկէտ ամբողջական գանգատի եւ ապացոյցներու ներկայացման համար մինչեւ 2023 թուականի Յունուար 23-ը»,- կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: