Լաչինի Միջանցքին Շուրջ Իրավիճակը Լուրջ է, Պէտք է Շտապ Լուծումներ Գտնել. Դոյւօ Գլաար
Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Դոյւօ Գլաար կը ժամանէ Հայաստան:
Այս առնչութեամբ ան Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է. «Վերադարձ Երեւան՝ միօրեայ հանդիպումներու։ Լաջինի միջանցքին շուրջ իրավիճակը լուրջ է եւ պէտք է շտապ լուծումներ գտնել։
Ես անհամբեր կը սպասեմ քննարկումներուն՝ յետագայ ուղիները բացայայտելու համար: Եւրոմիութեան նպատակը կը մնայ համապարփակ Հայաստան-ազրպէյճան կարգաւորումը»:
