Արցախի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին Պատճառով Վերջին 3 Օրը եւս 600 Մարդ Կորսնցուցած է Աշխատանքն ու Եկամուտի Աղբիւրը, Անոնց Թիւը Այժմ 4700 է

Հայաստան

Արցախի մէջ 13 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ: Այս մասին ըսուած է Արցախի տեղեկատուական շտաբի տեղեկագիրին մէջ։

10 չափահաս բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։

Արդէն 159 երեխայ ծնած է շրջափակման մէջ:

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրուած վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով 480 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն։

Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 42 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։

Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով՝ նախնականօրէն առնուազն 4700 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը։