Արցախի ՀԿ-ներուն Բաց Նամակը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահող Երկիրներու Ղեկավարներուն
Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան) հասարակական կազմակերպութիւնները բաց նամակ յղած են՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն։
Նամակին մէջ նշուած է․
«Շուրջ երեք տասնամեակի ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, իսկ այնուհետեւ՝ անոր երեք համանախագահները, ունենալով համապատասխան միջազգային իրաւագիր, յառաջատար միջնորդական դեր խաղցած են ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման հասնելու ուղիներու որոնման գործին մէջ՝ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիման վրայ։ Հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին առաջարկները ընդգրկած են նաեւ այնպիսի կարեւոր սկզբունքներ, ինչպէս ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, որուն հիման վրայ պիտի որոշուի Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) վերջնական կարգավիճակը, ինչպէս նաեւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառումը։ Սակայն 2020 թուականին, թուրքիոյ աշխոյժ մասնակցութեամբ, Արցախի եւ անոր ժողովուրդին դէմ ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական յարձակումը ի չիք դարձուց հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ողղութեամբ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն բազմամեայ ջանքերը։
Վստահ ենք, որ ուժի ապօրինի կիրառման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը չի կրնար եւ պէտք չէ ճանչցուի իբրեւ հակամարտութեան համընդգրկուն կարգաւորման մեկնակէտ։ Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը առաջուան պէս կարիք ունի միջազգային ճանաչման՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու հիման վրայ։ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան թուրքիոյ ռազմական միջամտութիւնը՝ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն միջազգային ահաբեկիչներու ներգրաւումով, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի կողմէ հարիւրէ աւելի հայ ռազմագերիներու ապօրինի պահումը եւ ռազմական այլ յանցագործութիւններ դատապարտուած են շարք մը երկիրներու խորհրդարաններու եւ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ։
Օգտուելով միջազգային ասպարէզի մէջ առկայ բարդ իրավիճակէն եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան չճանչցուած ըլլալէն՝ ազրպէյճանի իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղած են Արցախի ժողովուրդին դէմ հերթական յանցաւոր գործողութեան՝ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-ին արգելափակելով փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւնը Լաչինի (Քաշաթաղի) միջազգայնօրէն ճանչցուած միջանցքով, որ Արցախը Հայաստանի ու արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ուղին է։
Շրջափակումը կը խախտէ Արցախի 120 հազար բնակչութեան, ներառեալ՝ 30 հազար երեխաներու, ինչպէս նաեւ քանի մը տասնեակ հազարաւոր կանանց եւ տարեցներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները: Արցախի շրջափակման հետեւանքով արդէն իսկ լուրջ խնդիրներ ծագած են դեղորայքային ու պարենային ապահովման գործին մէջ, երկիրը յայտնուած է մարդկայնական աղէտի եզրին։ Փոխադրամիջոցային միջանցքի արգելափակման հետեւանքով նաեւ դադրեցուած է լայնածաւալ շինարարութիւնը, որ կ՝իրականացուէր 2020 թուականի ազրպէյճանական գրաւման պատճառով իրենց տուները լքած փախստականներն ու հարկադիր տեղահանուածները բնակարանով ապահովելու նպատակով։
ազրպէյճանի իշխանութիւնները իրենց յանցաւոր գործողութիւններով անտանելի պայմաններ կը ստեղծեն մարդոց կեանքին համար՝ նպատակ ունենալով ստիպել Արցախի ժողովուրդը հրաժարելու իր հիմնարար իրաւունքներէն, ինչպէս՝ ինքնորոշման իրաւունքէն։ Իբրեւ այլընտրանք՝ կ՝առաջարկուի կամ լրիւ բնաջնջում, կամ ալ Արցախի բնիկ ազգաբնակչութեան հարկադրում՝ լքելու իր մշտական բնակութեան վայրերը։
թուրքիոյ ղեկավարութեան պաշտօնական աջակցութեամբ, Արցախի 120 հազար բնակիչներ պատանդ վերցնելու ազրպէյճանի իշխանութիւններուն գործողութիւնները եւ անոնց ազատման համար պաշտօնական պաքուի ներկայացուցած պահանջները, որոնք կը կրեն քաղաքական ու շահադիտական բնոյթ, ըստ միջազգային իրաւունքի՝ կը հանդիսանան միջազգային ահաբեկչութեան դրսեւորման բարձրագոյն ձեւ։
թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի հայատեաց քաղաքականութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի երկիրներու, Ռուսիոյ կոչերը եւ բացառապէս քաղաքական գործիքակազմի կիրառումը անհրաժեշտ ազդեցութիւն չեն գործեր հայերուն դէմ նշեալ երկակի ցեղասպանական քաղաքականութեան վրայ։
Հաշուի առնելով, որ Արցախի մէջ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմը ի վիճակի չէ խոչընդոտելու ազրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւնները, հակառակ 2020 թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ծիրէն ներս ստանձնած պարտաւորութիւններուն, կը խնդրենք Ձեզ քննարկելու Արցախի մէջ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի իրաւագիրով օժտուած միջազգային լրացուցիչ խաղաղապահ ուժերու տեղաբաշխման հնարաւորութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր քաղաքացիներուն լիարժէք անվտանգութիւնը ապահովելու համար։
Համոզուած ենք, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը, ուր Ձեր ղեկավարած երկիրները ունին մշտական անդամի կարգավիճակ, օժտուած է բաւարար միջազգային-իրաւական հիմունքներով ու հնարաւորութիւններով՝ անհրաժեշտ գործիքակազմի ամբողջական կիրառման համար՝ զսպելու ազրպէյճանը ցեղասպանական մտադրութիւններու իրականացումէն եւ դադրեցնելու ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը խախտող անոր յանցաւոր գործողութիւնները»։
1. NGO “Union of Refugees of the Nagorno-Karabakh Republic” S. Saryan
2. NGO “Motherhood of Artsakh” A. Miqaelyan.
3. NGO “Union of Veterans of the Afghan War” A. Gevorgyan
4. NGO “Independent Center for Strategic Studies” G. Babayan
5. NGO “United Armenia” A. Grigoryan
6. NGO “Eagles of Artsakh” A. Sahakyan
7. NGO “Kachar Science Center” M. Harutyunyan
8. NGO “Federation of Trade Unions of the NKR” A. Kagramanyan
9. NGO “Armenian-Russian Cossack Peacekeeping Union” H. Harutyunyan
10. NGO “Forcibly displaced persons of Shushi” G. Hovsepyan
11. Artsakh Branch of the Armenian Missionary Society of America V. Karapetyan
12. NGO “Society of the Blind NKR” A. Mardyan
13. NGO Military Patriotic Union “Faith and Courage” G. Makhaqelyan
14. NGO “Center for Support and Development of Women and Children” I. Asryan
15. NGO “Hayki Serund” A. Petrosyan
16. NGO “Spiritual revival” E. Balayan
17. NGO “Forward Artsakh” A. Hayrapetyan
18. NGO “Idea” A. Hayrapetyan
19. NGO “The Union of Refugees for Justice” S. Tamrazyan
20. NGO “Education for the future” I. Gabrielyan
21. NGO “Artsakh Fight” sports club A. Hayrapetyan
22. NGO “Union of Relatives of the Dead and Missing military personnel
in the third Artsakh war” A. Asryan
23. NGO “Union of Relatives of the Fallen NKR Servicemen” A. Arustamyan
24. NGO “One fist one nation” K. Grigoryan
25. NGO “Association of NKR Police Veterans” V. Simonyan
26. NGO Patriotic Association “Sarushen” A. Avetisyan
27. NGO “Union of Relatives of Missing NKR Soldiers” V. Grigoryab
28. NGO “Center for Youth Community Studies” O. Avanesov
29. NGO “Refugee Women’s Association ” R. Avaqyan
30. NGO “Reasonable Citizen” A. Avagimyan
31. NGO “National Artsakh” A. Sokhomonyan
32. NGO “Generation of winners” G. Mirzoyan
33. NGO “Stepanakert Press Club” G. Bagdasaryan
34. NGO “Center for Civic Initiatives” A. Voskanyan
35. NGO “Civic Hub“ L. Hambarcumyan
36. NGO “Return to Dizak” M. Karamyan
37. NGO “Return to Kashatagh” K. Movsisyan
38. NGO “Krunk” NGO for the protection of the rights
of Artsakh Armenians M. Avagyan
39. “Harmonia” Women’s NGO of Shushi D. Atustamyan
40. NGO “Dance and sport dance union of Artsakh Republik” M. Mamyan
