ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ Նախարարին Յանձնած է Փասատենայի Քաղաքապետի Զօրակցութեան Յայտարարութեան Բնօրինակը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը, Յունուար 19-ին, հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Ղազարեանին եւ վերջինիս փոխանցած Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Փասատենայի տեղական ենթայանձնախումբին կողմէ ուղարկուած Փասատենայի քաղաքապետ Վիքթոր Կորտոյի յայտարարութիւնը՝ ի զօրակցութիւն Արցախի ժողովուրդին եւ անոր պայքարին։ 2022թ․ Դեկտեմբեր 22-ի Յայտարարութեամբ, որ կը կրէ քաղաքի դրոշմը, Փասատենայի քաղաքապետը կ՝անդրադառնայ 2020թ․ Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ սանձազերծուած պատերազմին, Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման, հասունցող մարդկայնական ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ Փասատենայի հայ համայնքի՝ Ցեղասպանութեան զոհերու սերունդները ըլլալու հանգամանքին։

Վիքթոր Կորտոն, յայտարարութեան վերջաբանին մէջ օգտագործելով Մարթին Լուտըր Քինկի «Ցանկացած վայրի մէջ անարդարութիւնը ամենուր արդարութեան սպառնալիք է» յայտնի խօսքերը, քաղաքային խորհուրդի անունով զօրակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին։

Գէորգ Ղուկասեան ԱՀ արտաքին գործոց նախարարը տեղեկացուցած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխարհասփիւռ ցանցի լայնածաւալ աշխատանքներուն ընթացքին՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի Հանրապետութեան շահերուն, Արցախի համար միջազգային զօրակցութեան ապահովման եւ ազրպէյճանի հանդէպ միջազգային ճնշումները զօրացնելուն ուղղութեամբ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

20.01.202