Ողբերգական Դէպքը Անգամ Մը Եւս Ապացուցեց Իշխանութեան Քաղաքական Պատասխանատւութեան Բացակայութիւնը․ «Հայաստան» Խմբակցութիւն

Հայաստան

Հայրենակիցներ, ՀՀ Զինուած ուժերուն մէջ արձանագրուեցաւ հերթական, միաժամանակ՝ արտառոց աղէտը, որուն հետեւանքով հրդեհի զոհ դարձած է 15 զինծառայող, կան վիրաւորներ։ Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն, մտերիմներուն եւ մեր ժողովուրդին։ Արագ ապաքինում կը մաղթենք վնասուածքներ ստացած զինծառայողներուն։

Միաժամանակ, ցաւով կ՝արձանագրենք, որ նման ողբերգական դէպքը հերթական անգամ ապացուցեց իշխանութեան քաղաքական պատասխանատւութեան բացակայութիւնը եւ մշտապէս հնչեցուած ահազանգերուն իրական ըլլալը՝ փաստելով բանականաշինութեան գործին մէջ խայտառակ անմխիթար վիճակը, մեր զինուած ուժերու առանձին հատուածներու տեղակայման, բնակաւորման եւ զօրքերու ծառայութեան կազմակերպման պայմաններու, մարտական առաջնագիծի բազմաթիւ հատուածներու կահաւորուածութեան ու ճարտարագիտական ենթակառուցուածքներուն բացերը։

«Հայաստան» խմբակցութիւն
19.01.23