ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը ԵՄ Գործադիր Իշխանութենէն Որոշակի Գործողութիւններ Կ՝ակնկալէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

2023թ․ Յունուար 19-ին Եւրոպական Խորհրդարանը իր լիագումար նիստին ընդունած է «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման մարդկայնական հետեւանքները» վերտառութեամբ բանաձեւ, որմով խորհրդարանը արձանագրած է շրջափակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական հետեւանքները։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակէն։

Եւրոպական Խորհրդարանը կը յորդորէ ազրպէյճանը յարգել եւ իրականացնել 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը։ Բանաձեւով քննադատուած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն հայութեան հանդէպ խտրական հռետորաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարուած է առանց նախապայմաններու եւ ԵԱՀԿ Հելսինկեան Եզրափակիչ ակտի հիման վրայ բանակցութիւններուն վերսկսումը։

Եւրոպական Խորհրդարանը նաեւ կարեւոր կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային կազմակերպութիւններուն մուտքը եւ տեղւոյն վրայ մարդասիրական առաքելութիւններու իրականացումը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՝ընէ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան աշխոյժ կերպով ներգրաւուած ըլլալու բանակցութիւններուն եւ ապահովելու, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները այլեւս չհանդիսանան պաքուի գործողութիւններուն պատանդը։

Անդրադառնալով Եւրոպական Խորհրդարանին կողմէ յիշեալ բանաձեւի ընդունման՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յոյս յայտնած է, որ այս գործընթացը պիտի յանգեցնէ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմիններուն վրայ ճնշման, որպէսզի վերջիններս իրենց հերթին ճնշեն ազրպէյճանը՝ վերջ տալու իր վարած ցեղական զտման քաղաքականութեան եւ վերադառնալու խաղաղ բանակցութիւններու՝ ԵԱՀԿ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտի հիմնարարար սկզբունքներուն հիման վրայ։