ԹՇՆԱՄԻի Կրակոցէն ՀՀ Զինծառայող Մը Վիրաւորուած է․ ՀՀ ՊՆ
Յունուար 19-ին, ժամը 10:50-ի սահմաններուն, Երասխի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքի վրայ՝ ԹՇՆԱՄԻի կրակոցէն վիրաւորուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Ե.Շ.-ն:
Զինծառայողին վիճակը կը գնահատուի ծանր: Դէպքին հանգամանքները լիարժէք պարզելու նպատակով կը տարուի քննութիւն:
ՀՀ ՊՆ
