«Զարմանալի է՝ Մարդը Կրնայ Բաժանմունքի Հրամանատարը Պաշտօնազրկել, Ինքը Հանգիստ Նստի Կառավարութեան Նիստին» (տեսանիւթ)

Հայաստան

Քաղաքացիները կը զարմանան, թէ ինչու մինչեւ հիմա Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի տարածքին վրայ տեղակայուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ինժեներասակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհի դէպքէն ետք, որուն հետեւանքով զոհուած է 15 զինծառայող, 7 ստացած են մարմնական վնասուածներ, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը հրաժարական չէ տուած։

«Պատասխանատուն առաջին հերթին պաշտպանութեան նախարարն է իր տեղակալով, որ պէտք է զբաղի ապահովութեան հարցերով։ Զինծառայողը պէտք է ծառայէ զօրմասին մէջ, ոչ թէ այլ տեղ մնայ, ուր բնականոն պայմաններ չեն ապահովեր։

Զարմանալի է, որ մարդը կրնայ բաժանմունքի հրամանատար պաշտօնազրկէ, ինքը հանգիստ նստի կառավարութեան նիստին»,- Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է քաղաքացիներէն մէկը։

Այլ քաղաքացիի մը խօսքով, ցաւալի դէպք է, հերթական անգամ շոքի ենթարկած է հասարակութիւնը։

«Բացթողումներ կան, մեղաւորներ կան։ Չեմ կրնար յստակ ըսել, որ կայ օղակին մէջ, տեսականօրէն կարելի է ըսել գերագոյն գլխավոր հրամանատարէն մինչեւ այդ տեղամասի հրդեհային անվտանգութեան պատասխանատուն»,- նշած է քաղաքացին։

Քաղաքացիները համոզուած են, որ եթէ շատոնց ըլլային հրաժարականներ, հիմա նման աղէտի առաջ չէին կանգներ։

Յիշեցնենք՝ դատախազութեան հաղորդմամբ, Յունուար 19-ին, ժամը 05:15-ին, ՀՀ ՊՆ N զօրամասէն Վարդենիսի Ռազմական ոստիկանութեան բաժին հեռախօսագիր ստացուած է, որ նոյն օրը՝ ժամը 01:30-ի սահմաններուն, նշուած զօրամասի Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղին մէջ տեղակայուած շինութեան մէջ վառարանը պենզինով վառելու ընթացքին հրդեհ բռնկած է: Հրդեհին հետեւանքով անձնակազմէն 15 պարտադիր ժամկէտային զինծառայող զոհուած է: Նոյն զօրամասի վեց պարտադիր ժամկէտային զինծառայող եւ մէկ սպայ մարմնական վնասուածքներով, ժամը 02:00-ի սահմաններուն, տեղափոխուած են Գեղարքունիքի կայազօրային հիւանդանոց:

ՀՀ քրեական օրենսգրքի 532-րդ հոդվածի 4-րդ մասի հատկանիշներով առերևույթ հանցագործության տարրերի առկայության փաստով կազմված փաստաթղթերը 2023 թվականի հունվարի 19-ին ուղարկվել  են Քննչական կոմիտեի Զինվորական քննչական գլխավոր վարչության 5-րդ կայազորային քննչական բաժին՝ հետագա ընթացքը որոշելու համար: