Արամ Ա․ Կաթողիկոսի Ցաւակցագիրը՝ Հրդեհի Հետեւանքով Զոհուած Զինծառայողներու Ընտանիքներուն
Խոր ցաւով իմացայ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի կացարանին մէջ բռնկուած հրդեհին հետեւանքով 15 երիտասարդ հայորդիներու մահուան գոյժը։ Կ՚աղօթեմ անոնց հոգիներուն խաղաղութեան, ընտանիքներուն Ս. Հոգւոյ մխիթարութեան եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինման համար։
Թող Աստուած անսասան պահէ մեր Հայրենիքն ու հայոց բանակը։
