Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ցաւակցութիւն Յայտնած է Հրդեհի Հետեւանքով Զոհուած Զինծառայողներու Ընտանիքներուն
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․-ը ցաւակցագիր յղած է հրդեհի հետեւանքով զոհուած 15 զինծառայողներու ընտանիքներուն․
«Խոր ցաւով տեղեկացանք ՊՆ N զօրամասի ինժեներասակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհին հետեւանքով զոհուած 15 զինծառայողներու եւ երեք վիրաւորներու մասին։
Մեր ցաւակցութիւնն ու վշտակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն եւ կը հայցենք Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնն ու զօրակցութիւնը անոնց վշտացեալ սրտերուն։ Կ՝աղօթենք առ Ողորմածն Աստուած, որ Բարեգութ Տէրը երկնքի լուսեղէն օթեւաններուն մէջ հանգստութեան մէջ ընդունի հոգիները մեր զոհուած զաւակներուն։
Թող Բարերար Աստուած շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւոր զինծառայողներուն։
Կը հայցենք, որ Ամենակալ Տէրը Իր Սուրբ Աջով խաղաղ ու ապահով պահպանէ հայրենի մեր երկիրը՝ զերծ պահելով մեր ժողովուրդը նման ողբերգութիւններէ»։
