ՀՀ-ին եւ ՌԴ-ին Կոչ Կ՝ընենք Հրատապ Միջոցներ Ձեռնարկելու՝ Արցախը Ապաշրջափակելու եւ Մարդկայնական Աղէտը Կանխելու Համար․ ԱՀ ԱԺ Խմբակցութիւններ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւնները յայտարարութիւն տարածած են՝ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հանրապետութեան շրջափակման եւ մարդկայնական աղէտի խորացման մասին։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է․

«ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, կոպտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքի չափանիշները եւ 2020թ․ Նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտականութիւնները, Դեկտեմբեր 12-էն սկսեալ՝ բնապահպանական կեղծ պատրուակով՝ կը խորացնէ Արցախի շրջափակման քաղաքականութիւնը:

Շարունակուող լիակատար  շրջափակման եւ ձմրան պայմաններուն մէջ ելեկտրականութեան, համացանցի, իսկ 2023թ․ Յունուար 17-էն նաեւ կազի մատակարարման հերթական խափանումները Արցախի Հանրապետութեան ազգաբնակչութիւնը կը կանգնեցնեն մարդկայնական աղէտի եզրին։ Ասոր գումարուած է նաեւ Յունուար 17 լոյս 18-ին խաղապահներու ուղեկցութեամբ Գորիսէն Ստեփանակերտ վերադարձող 19 երեխաներուն հանդէպ «բնապահբան-ակտիվիստ»-ներու ահաբեկչական գործողութիւնները, եւ այդ ամէնը ազրպէյճանական մամուլի ու հասարակական ցանցերու մէջ տարածելը:

Արցախի Հանրապետութեան ազգաբնակչութեան հանդէպ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ շարունակուող սողացող պատերազմը տեղի կ՝ունենայ աշխարհի՝ գրեթէ լուռ համաձայնութեամբ: Անիկա նպատակ ունի կոտրելու արցախահայութեան կամքը եւ տասնեակ հազարաւոր մարդոց ցեղական զտումներու միջոցով բռնատեղահանելու իրենց պատմական հայրենիքէն։ Նմանօրինակ քայլերով ազրպէյճանը կը փորձէ նաեւ ձախողցնել տարածաշրջանին մէջ պատերազմի օճախներու մարման ու հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղուած միջազգային կառոյցներու եւ տարբեր երկիրներու ջանքերը։

2020թ. Նեյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կողմեր հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կոչ կ՝ընենք հրատապ միջոցներ ձեռնարկելու Արցախը ապաշրջափակելու եւ մարդկայնական աղէտը կանխելու համար:

Կը յորդորենք միջազգային կառոյցներն ու ՄԱԿ-ի անդամ երկիրները յայտարարութիւններէն եւ կոչերէն զատ գործնական քայլերով կանխելու ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները:

Արցախի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները արժանապատուօրէն յաղթահարելու նպատակով կը դիմենք համայն հայութեան՝ համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու սանձելու ազրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները եւ պաշտպանելու սեփական հողին վրայ ապրելու արցախահայութեան օրինական իրաւունքը։

«Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութիւն
«Միասնական hայրենիք» խմբակցութիւն
«Արդարութիւն» խմբակցութիւն
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն
«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւն
»։