Կոչ Կ՝ընենք Պետութիւններուն Ձեռնարկելու Բոլոր Անհրաժեշտ Միջոցները Անյապաղ Դադրեցնելու ԱՐՑԱԽի Ժողովուրդին Դէմ ազրպէյճանի Ցեղասպան Գործողութիւնները․ ԱՀ ԱԳՆ
Արցախի մէջ կազամատակարարման հերթական խափանման վերաբերեալ՝ ԱՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կը նշուի․
Յունուար 18-ին՝ Արցախի շրջափակման 38-րդ օրը, ազրպէյճանը կրկին խափանած է իր վերահսկողութեան տակ գտնուող Հայաստան-Արցախ կազատարին աշխատանքը՝ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը զրկելով ջեռուցման եւ տաք ջուրի հնարաւորութենէն։
Հարկ է նշել, որ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի կազամատակարարման խափանումը կը կրէ պարբերական բնոյթ։ Արցախի կազամատակարարումը դադրեցուած էր նաեւ 2022 թ․ Մարտին՝ աւելի քան 20 օրով, Արցախի շրջափակման երկրորդ օրը՝ Դեկտեմբեր 13-ին՝ 3 օրով, ինչպէս նաեւ Յունուար 17-ին։ Միեւնոյն ժամանակ, ազրպէյճանը միտումնաւոր կը շարունակէ խոչընդոտել իր վերահսկողութեան տակ գտնուող եւ Յունուար 9-ին վթարուած ելեկտրականութեան Գորիս-Ստեփանակերտ միակ բարձրաստիճան գիծի վերականգնման աշխատանքները։
ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի կազմակերպուած եւ շարունակական շրջափակումը, ժողովուրդին համար անտանելի կենսապայմաններու ստեղծումը եւ մարդկայնական աղէտին խորացումը կը հետապնդէ մէկ նպատակ՝ ոչնչացնել Արցախի ժողովուրդը իբրեւ այդպիսին՝ հայաթափելով Արցախը։ Այսպիսով ազրպէյճանը կը փորձէ վերջնականապէս փակել Արցախի ժողովուրդին անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներուն հարցը։
Այս ծիրէն ներս, միջազգային հանրութեան թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական քայլերը պէտք է ուղղուած ըլլան վաղ կանխարգիլման: Կոչ կ՝ընենք պետութիւններուն ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները անյապաղ դադրեցնելու Արցախի ժողովուրդին դէմ ազրպէյճանի ցեղասպան գործողութիւնները՝ համաձայն ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման նկատմամբ ունեցած համընդհանուր յանձնառութեան։
