ազրպէյճանցիներուն Կողմէ ՀԱՅԵՐուն Հանդէպ Ցեղական Ատելութիւնը Սահմաններ Չի Ճանչնար՝ Թիրախ Դարձնելով Նոյնիսկ Անչափահաս Երեխաները․ ԱՀ ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Շրջափակման պատճառով աւելի քանի մէկ ամիս ծնողական խնամքէ եւ ընտանիքէ կտրուած 19 երեխայ Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհով վերադարձած է տուն։

Երեխաները Գորիսէն Ստեփանակերտ տեղափոխուած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ուղեկցութեամբ։

Շուշի-Քարին տակ հատուածին վրայ՝ ճանապարհի շրջափակուած տարածքին, ուր տեղակայուած են «բնապահպան-ակտիվիստ» ձեւացող ազրպէյճանական կառավարական գործակալները եւ անոնց սպասարկող լրագրողները, մեքենան կանգնեցուած է ազրպէյճանցիներուն կողմէ։ Այնուհետեւ, մեքենային մօտեցած են քաղաքացիական հագուստով, դէմքերը փակած 10-15 ազրպէյճանցիներ՝ տեսախցիկներով, անոնցմէ ոմանք ներխուժած են մեքենայ եւ նկարահանած մեքենային մէջ գտնուող երեխաները։

ազրպէյճանցիներուն սադրիչ գործողութիւններուն հետեւանքով մեքենային մէջ յառաջացած է իրարանցում, որուն հետեւանքով երեխաներէն մէկը ուշաթափուած է։

Ռուս խաղաղապահներուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ անոնք հեռացուած են մեքենայէն, մեքենան շարունակած է ընթացքը։

Այնուհետեւ, ճանապարհի շրջափակուած հատուածը անցնելու պահուն, ազրպէյճանցիները ցուցադրաբար բղաւոցներ հնչեցուցած են երեխաները տեղափոխող մեքենաներուն ուղղութեամբ։

ազրպէյճանի կառավարութեան գործակալներուն այս լկտի պահուածքը երեխաներու անձնական կեանքին կամայական եւ ապօրինի միջամտութիւն է, անոնց հոգեբանական անձեռնմխելիութեան, պատուի եւ հեղինակութեան հանդէպ ապօրինի ոտնձգութիւն: Այս յանցաւոր գործողութիւնները ամբողջութեամբ կը բացայայտեն անոնց իրական նպատակներն ու ցանկութիւնները։

ազրպէյճանցիներուն կողմէ հայերուն հանդէպ ցեղական ատելութիւնը սահմաններ չի ճանչնար՝ թիրախ դարձնելով անգամ անչափահաս երեխաները։

Այս սադրիչ եւ յանցաւոր գործողութիւնը մէկ անգամ եւս կ՝ապացուցէ ճանապարհի արգելափակուած ըլլալուն փաստը եւ այդ տարածքով անվտանգ երթեւեկելու անհնարինութիւնը՝ անգամ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ուղեկցութեամբ։

ԱՀ ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան