30,000 Երեխայի Համար Թերսնման, Ցրտահարման Վտանգը Կ՝ահագնանայ. Արցախի ԱԺ Նախագահ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեան տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«ազրպէյճանի կողմէ պաշարուած Արցախի մէջ կը խորանայ մարդկայնական աննախադէպ ճգնաժամը:

Այսօր ազրպէյճանը փակած է նաեւ Արցախը սնուցող կազատարը, որուն իբրեւ արդիւնք 120,000 մարդ խստաշունչ ձմրան այս օրերուն, ի թիւս կենսական այլ խնդիրներու, զրկուած է նաեւ ջեռուցման հնարաւորութենէն:

30,000 երեխայի համար կ՝ահագնանայ թերսնման, ցրտահարման վտանգը:

Ողջունելով եւ կարեւոր համարելով ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանի այսօրուան պաշտօնական նամակը աւելի քան 30 պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներուն՝ կ՝ուզեմ ընդգծել, որ այս հարցով ՀՀ եւ ԱՀ խորհրդարաններու բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է մէկ կողմ դնեն իրենց քաղաքական հայեացքները, բոլոր օրակարգերու գլխաւերեւը ունենան աղէտալի իրավիճակի մէջ յայտնուած Արցախի հարցը եւ միասնական ջանքերով աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրեն անկանխատեսելի զարգացումներով օրէ օր սաստկացող մարդկայնական աղէտին վրայ:

Ասիկա պէտք է անընդունելի ըլլայ քաղաքակիրթ աշխարհի համար:

Մենք պէտք է համատեղ ջանքերով պարտադրենք միջազգային հանրութեան՝ ճիշդ գնահատական տալ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ ցեղական զտման քաղաքականութեան, եւ զայն կանխելու ուղղութեամբ ձեռնարկել համապատասխան միջոցներ, որոնք արդէն իսկ կ՝ուշանան»։