Ուաշինկթընի Մէջ ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Հայերը Բողոքի Ցոյց Իրականացուցած են

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ հայ համայնքի ներկայացուցիչները Ուաշինկթընի մէջ ազրպէյճանի դեսպանատան մօտ ցոյց կազմակերպած են՝ Լաչինի միջանցքը բանալու կոչերով:

«Փակած ենք Ուաշինկթընի 34-րդ փողոցը եւ արգելափակած երթեւեկութիւնը ազրպէյճանի դեսպանատան մուտքին եւ ելքին ուղղութեամբ։

AYF-ը այսօր առաւօտեան բողոքի ցոյց կազմակերպած է՝ ընդդէմ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման»,- նշուած է Ամերիկայի Հայ ազգային կոմիտէի Facebook-ի էջին մէջ: