ՀՕՄ-ի Համայն Ընտանիքը Կը Գուժէ Տիպար Խաչուհի Արփի Սապունճեանի Մահը
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ ՀՕՄ-ի համայն ընտանիքը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, իր ուխտին նուիրեալ` Ընկերուհի Արփի Սապունճեանի մահը, որ պատահեցաւ Յունուար 11, 2023-ին, Մոնթրէալ, Գանատա։
Սուրիոյ համայնքի վաստակաշատ մանկավարժ, ՍՕԽաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի եւ տիպար Խաչուհի Ընկերուհի Արփի Սապունճեանը եղած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ 1995-էն մինչեւ 1998 թուականները։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերուհիին սգակիր ընտանիքին եւ հարազատներուն, ՀՕՄ-ի եւ ՍՕԽաչի բոլոր անդամներուն։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
