Արցախի Մէջ 9 Բուժառու Կը Գտնուի Վերակենդանացման Բաժանմունքի Մէջ․ 5-ին Վիճակը Ծայրայեղ Ծանր է

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը ազրպէյճանի կողմէ արգելափակելուն պատճառով՝ ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրուած վիրահատութիւնները։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։

«Արեւիկ» բուժմիաւորման մէջ 13 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ մէջ 9 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։ Բժիշկներուն կողմէ կը կատարուի հնարաւոր ամէն ինչ հիւանդներուն վիճակը կայունացնելու համար:

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը ձեռնարկէ հնարաւոր բոլոր միջոցները՝ շրջափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը պատշաճ յաղթահարելու համար