Կան Մարդիկ, Որոնք Որոշ Յաճախականութեամբ Կը Մեկնէին ՀՀ Կամ Արտերկիր՝ Քիմիոթերափիի, Ճառագայթային Կամ Այլ Բուժումներու Համար, Անոնք Հիմա Հնարաւորութիւն Չունին Բուժումը Շարունակելու
ԹՇՆԱՄԻ պետութեան կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը 32 օր շարունակ փակ պահելու թեմայով՝ Յունուար 12-ին, կազմակերպուած է «Արցախ․ շրջափակման մէկ ամիս» խորագիրով Ստեփանակերտ-Երեւան տեսակամուրջ, որուն մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները՝ Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։
Արցախի Հանրապետական բժշկական կեդրոնի տնօրէն Մհեր Մուսաէլեան ներկայացուցած է առողջապահական ոլորտէն ներս յառաջացած խնդիրները․
«Արցախի մէջ կայ անհրաժեշտ դեղորայքի խնդիր։ Պէտք է նշենք, որ մինչեւ շրջափակումը մենք բոլոր դեղորայքներու ձեռքբերումը կ՝իրականացնէինք Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ այս պարագային չենք կրնար այդ աղբիւրներէն օգտուիլ, որ բացասական ազդեցութիւն կ՝ունենայ մեր բնակչութեան առողջութեան վրայ։
Պէտք է նշեմ, որ կան մարդիկ, որոնք որոշակի յաճախականութեամբ կը մեկնէին Հայաստանի Հանրապետութիւն կամ արտերկիր՝ քիմիոթերափիի, լազերային կամ ճառագայթային բուժման համար, այդ մարդիկ եւս հնարաւորութիւն չունին շարունակելու իրենց բուժումը այդ երկիրներուն մէջ»։
Մհեր Մուսաէլեան ըսած է, որ ԹՇՆԱՄԻին կողմէ ճանապարհը փակելէն մինչ օրս Կարմիր խաչի օգնութեամբ հնարաւոր եղած է միայն 16 հիւանդ տեղափոխել Հայաստան, քանի որ Արցախի բոլոր հիւանդանոցներուն մէջ դադրեցուած են ծրագրուած վիրահատութիւնները։
«Դադարեցուցած ենք, որպէսզի կարենանք մեր պահուստային դեղորայքը ուղղել սուր դէպքերուն եւ գոյատեւել աւելի երկար։ Հանրապետական ԲԿ-ին մէջ մինչ այս իրավիճակը մենք ամսական կ՝իրականացնէինք 250 վիրահատութիւն, իսկ այս ժամանակահատուածին իրականացուցած ենք 92 վիրահատութիւն՝ բոլորը սուր ցուցումներով․․․»։
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 12-ին, ժամը 10։30-ի սահմաններուն ազրպէյճանական կողմը խախտելով 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, բնապահպանական պատճառաբանութիւններով փակած է Արցախը աշխարհին կապող կեանքի միակ ճանապարհը՝ ոտնահարելով քաղաքացիական բնակչութեան կենսական շահերն ու իրաւունքները: Այս պահուն Ստեփանակերտի Հանրապետական հիւանդանոցին մէջ կան հիւանդներ, որոնց պէտք է տեղափոխեն Երեւան՝ վիրահատելու համար, սակայն ճանապարհի փակ ըլլալուն հետեւանքով անոնց տեղափոխումը անհնար կը դառնայ։
