Իրաւապահ Մարմիններուն Կողմէ Իրականութեան Չհամապատասխանող Տեղեկատւութեան Տարածման Նպատակն է Կեղծ Հիմքեր Ստեղծել Այս Ապօրինի Քրէական Գործը Շարունակելու Համար․ ՀՅԴ ԳՄ
Խստօրէն կը դատապարտենք Քննչական կոմիտէին կողմէ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 236-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով Օգոստոս 25-ին նախաձեռնուած քրէական վարոյթին ծիրէն ներս Դաշնակցութեան անդամներու եւ համակիրներու բնակարաններուն մէջ խուզարկութիւններու, ձերբակալութիւններու եւ հարցաքննութիւններու վերաբերեալ տարածած հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտած առերեւոյթ կեղծ տեղեկութիւններուն եւ օրէնքի խախտումներուն վերաբերեալ, որոնք անգամ մը եւս կ՝ապացուցեն, որ այս շինծու գործին նպատակն է շեղել հանրութեան ուշադրութիւնը օրուան քաղաքական իշխանութիւններուն հայրենադաւ ծրագրերէն, կասեցնել անոնց դէմ պայքարող անձերն ու ուժերը:
Ոտնահարելով անմեղութեան կանխավարկածը, փորձելով քողարկել իր ապօրինութիւնները, քննչական կոմիտէն այս հաղորդագրութեամբ կը փորձէ հանրութեան մօտ ստեղծել տպաւորութիւն՝ թէ իբր իրականացուած խուզարկութիւններուն իբրեւ արդիւնք «պարզուած է», որ հայրենադաւ իշխանութիւններուն դէմ պայքարող անձեր հաւաքներուն մասնակցած են նիւթական շահադրդութեամբ: Ասիկա ոչ միայն անարգանք է հայրենիքի համար պայքարողներու հասցէին, այլեւ ունի նպատակ՝ վարկաբեկելու այդ պայքարը, «Հայաստան դաշինք»-ը, Դաշնակցութիւնը, ստեղծէ «հիմքեր» նոր ձերբակալութիւններ եւ ակնյայտ ոչ իրաւաչափ ձերբակալուած անձերուն նկատմամբ կալանաւորումներ իրականացնելու համար:
Իրաւապահ մարմիններուն կողմէ իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկատւութեան տարածումը նպատակ կը հետապնդէ կեղծ հիմքեր ստեղծելու այս ապօրինի քրէական գործը շարունակելու, դատական ատեաններու մէջ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու միջնորդութիւնները «հիմնաւորել»-ու նպատակ:
Ակնյայտ քաղաքական հետապնդման այս ամօթալի վարքագիծին փոխարէն քննչական կոմիտէն եւ դատախազութիւնը պարտաւոր էին քրէական հետապնդում նախաձեռնելու ապօրինի գաղտնալսման համար, այլ ոչ թէ ապօրինութիւններու միջոցով մաս դառնալու հայրենադաւ ծրագրերու իրականացնման կամ անխնայ օգտագործման գործիք դառնալ այդ ծրագրերը իրականացնողներուն ձեռքը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին
13․01.2022 թ․, Երևան
