ազրպէյճանի Նախագահը Յունուար 10-ի Ելոյթով Կեղծ Թեզեր Կը Զարգացնէ՝ Պատմական ու Իրաւական Փաստերու Բացայայտ Կեղծումով․ Արման Թաթոյեան
ազրպէյճանի նախագահը 2023թ. Յունուար 10-ի ելոյթով կը զարգացնէ կեղծ թեզեր. պատմական ու իրաւական փաստերու բացայայտ կեղծումով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները կ՝անուանէ «արեւմտեան ազրպէյճան» եւ անոր հետ կապուած կը նշէ «արեւմտեան ազրպէյճանցիներ»:
Ասիկա անոր այն կեղծիքն է, թէ «Հայաստանը առանց արժէքի երկիր է (…) ազրպէյճանական հինաւուրց հողերու վրայ արհեստականօրէն ստեղծուած տարածք է»:
ազրպէյճանի նախագահը այդ ելոյթով կը բորբոքէ հայատեացութիւն ու թշնամանք, ան կեղծ փաստերով կը փորձէ ստեղծել նաեւ ռազմական յարձակման արհեստական հիմքեր Հայաստանի ու Արցախի հանդէպ:
Պետական սահմաններու տելիմիդացիայի հարցերով Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին բացայայտ կը սպառնայ ռազմական յարձակումով, պատերազմով՝ փաստերու կեղծումով:
ազրպէյճանի նախագահի ելոյթներուն այդ հատուածները առանձնացուած են եւ պաշտօնական նամակներով Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամ/ “Tatoyan” foundation կողմէ ուղարկուած են ԵԱՀԿ, ՄԱԿ-ի Ռասայական խտրականութեան վերացման կոմիտ, ԵԽ-ի Ռասիզմի եւ անհանդուրժողականութեան դէմ յանձնաժողով, ՄԱԿ-ի եւ ԵԽ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարներուն եւ միջազգային այլ մարմիններու։
ազրպէյճանի նախագահը բացայայտ կը խօսի ուժի ու սպառնալիքի լեզուով, կ՝օգտագործէ այնպիսի բառեր ու արտայայտութիւններ, որոնք կը նսեմացնեն ողջ հայ ժողովուրդի, Հայաստանի ու Արցախի ողջ բնակչութեան արժանապատւութիւնը, ահաբեկող բնոյթի են:
Ակնյայտ են անոր ինչպէս այս, այնպէս ալ նախորդ ելոյթներուն մէվ ֆաշիզմի դրսեւորումները, որոնցմով ան կ՝ընդգծէ ժողովուրդի մը՝ ազրպէյճանական ժողովուրդի առաւելութիւնները հայ ժողովուրդի նկատմամբ, կը բորբոքէ ատելութիւն ու այս պայմաններուն մէջ կը խօսի խաղաղութեան մասին:
