Կ՝ակնկալենք Միջազգային Հանրութեան, Մասնաւորապէս՝ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահող Երկիրներուն Աջակցութիւնը. Արցախի ԱԺ Նախագահ
Մենք կանգնած ենք խստաշունչ ձմեռը դիմակայելու սուղ հնարաւորութիւններու առջեւ: Այս մասին յայտարարած է Արցախի ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեան:
«Յունուար 12-ին լրացած է Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման 32-րդ օրը՝ օրացուցային 1 ամիսը:
ազրպէյճանը հետզհետէ կը սաստկացնէ ճնշումները: Արդէն 4-րդ օրն է՝ խափանուած է Արցախը Հայաստանէն սնուցող միակ ելեկտրագիծը, որուն վերականգնողական աշխատանքներուն իրականացումը կը խոչընդոտէ ազրպէյճանական կողմը:
Նման զարգացումերը մեզի համար անսպասելի չէին: Մենք կանգնած ենք խստաշունչ ձմեռը դիմակայելու սուղ հնարաւորութիւններու առջեւ:
Ինչ կ՝ուզէ ազրպէյճանական ռազմաքաղաքական իշխանութիւնը՝ պարզ է, եւ ինչ կ՝ուզէ Արցախի ժողովուրդը՝ նոյնպէս:
Արցախի մէջ կը շարունակուի աննախադէպ ծանր իրավիճակը: Շրջափակման հետեւանքով կը սաստկանայ ճգնաժամը:
ազրպէյճանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն միջեւ քաղաքական եւ մարդկայնական բանակցութիւններ կրնան տեղի ունենալ միայն ու միայն փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ: Դժբախտաբար, այսօր կը բացակայի այդ մթնոլորտը, դեռ աւելին՝ շրջափակումը կողմերը աւելի հեռացուցած է նման կարգի բանակցութիւններ սկսելու հնարաւորութենէն:
Այս առումով կ՝ակնկալենք միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներուն աջակցութիւնը:
Արցախի ժողովուրդը անկոտրում է»,- նշուած է Արցախի ԱԺ նախագահի յայտարարութեան մէջ:
