Երեւանի Յայտարարութիւնները, Թէ Ռուսիան Սպառնալիք Կը Ստեղծէ Հայաստանի Անվտանգութեան Համար, Անհեթեթ Են․ Զախարովա

Աշխարհ, Հայաստան

Երեւանէն հնչող յայտարարութիւնները, թէ Ռուսիան սպառնալիք կը ստեղծէ Հայաստանի անվտանգութեան համար, անհեթեթ են։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Ռուս եւ հայ ժողովուրդները կը կապեն ամուր բարեկամական կապերը։ Մենք տրամադրուած ենք յետագային նոյնպէս ամրապնդելու ինչպէս երկկողմ յարաբերութիւնները, այնպէս ալ փոխգործակցութիւնը ընդհանուր ամբողջացուցչական միութիւններուն մէջ՝ ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի եւ ԱՊՀ-ի։ Այս հիմքին վրայ Երեւանի յայտարարութիւնները, թէ «ռուսական ներկայութիւնը անվտանգութեան համար որոշակի սպառնալիքներ կը ստեղծէ՝ անհեթեթութիւն է։ Տասնամեակներով մեր զինուորականները, սահմանապահները իրենց ներդրումը կ՝ունենան Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ, կը պահպանեն անոր սահմանները։ Ասիկա առարկայական իրականութիւն է, որ անհնար է հերքել։ Միեւնոյն ժամանակ, աւելի առաջ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը հրապարակաւ յայտարարած էր, որ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը կը համապատասխանէ հանրապետութեան ազգային շահերուն։ Իսկ արկածախնդիրները, որոնք կը նախընտրեն մեր զինուորականներուն մատնացոյց ընել դուռը, իրենց հաշիւ չեն տար նման քայլի իրական հետեւանքներուն համար»,- ըսած է Զախարովա։