Բրիտանահայ Մարդասիրական Խումբը Երկրի Խորհրդարանին Առջեւ Ցոյց Ըրած է՝ Արցախի Իրավիճակին Մասին Իրազեկելու Նպատակով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Բրիտանահայ մարդասիրական խումբը 7 ժամ անընդմէջ բողոքի ցոյց ըրած է Բրիտանիոյ խորհրդարանի շէնքին առջեւ, Որպէսզի բարձրացնէ իրազեկութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի տառապանքներուն վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած են բրիտանահայ մարդասիրական խումբի անդամները:

Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման 30-րդ օրուան վերաբերեալ՝ բրիտանահայ մարդասիրական խումբի անդամները կոչ ըրած են միաւորելու ուժերը յանուն արդարութեան պայքարելու եւ իրավիճակին լուծում գտնելու համար:

Բրիտանահայ մարդասիրական խումբը Յունուար 11-ին նաեւ բաց նամակ յղած է Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի Համայնքներու պալատին՝ կոչ ընելով վերջ դնելու ազրպէյճանի կողմէ բնիկ հայերու ցեղասպանութեան: Նամակին մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը ազրպէյճանական վարչակարգին կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտման միակ դէպքը չէ. անոնք բարբարոսաբար տանջած են հարիւրավոր հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքացիական անձեր եւ կը շարունակեն մինչ օրս իրենց մօտ պահել հարիւրաւոր հայ գերիներ՝ խախտելով ռազմագերիներուն հետ վարուելակերպի մասին Ժընեւի համաձայնագիրը:

Բրիտանահայ մարդասիրական խումբը բրիտանացի պատգամաւորներուն կոչ կ՝ընէ՝ երկրի կառավարութեան վրայ ճնշում գործադրելու անմեղ կեանքերը փրկելու եւ ցեղասպանութեան վերջ դնելու համար: