փաշինեանի եւ ալիեւի Երէկուան Ելոյթները Հաստատեցին, որ Արցախի Միակ Հնարաւոր Ընտրութիւնը Պայքարն է․ Ռուբէն Վարդանեան
Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը գրառում կատարած է՝ անդրադառնալով քաղաքական իրավիճակին․
«Հայաստանի եւ ազրպէյճանի ղեկավարներուն երէկուան ելոյթները հաստատեցին, որ Արցախի համար միակ հնարաւոր ընտրութիւնը պայքարն է։
Պէտք է պայքարիլ՝ յոյսը դնելով սեփական ուժերուն վրայ։
Պայքարիլ Հայաստանի քաղաքացիներու աջակցութեամբ, որոնք վերջին ընտրութիւններուն քուէարկած են քաղաքական այն ուժերուն օգտին, որոնք իրենց ծրագիրներուն մէջ յայտարարած են Արցախին լիակատար աջակցութեան մասին։
Պայքարիլ Սփիւռքի աշխոյժ աջակցութեամբ, որ ծայրայեղ իրավիճակներու մէջ միշտ եղած է հայրենիքի կողքին։
Կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան՝ կանգնելու Արցախի կողքին՝ պաշտպանելով Արցախը բնաջնջումէ եւ բռնագրաւումէ»։
