Սոցիալիստական Ինթերնացիոնալը Կոչ Ուղղած է ազրպէյճանին՝ Բանալու Լաչինի Միջանցքը
ՀՅ Դաշնակցութեան առաջարկով՝ Սոցիալիստական Ինթերնացիոնալը (Ընկերվար Միջազգայնական) անդրադարձած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։
Յունուար 11-ին ընդունուած յայտարարութիւնը, որ կը կրէ «Սոցիալիստական Ինթերնացիոնալի յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ» վերնագիրը՝ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ։
Սոցիալիստական Ինթերնացիոնալը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Լաչինի միջանցքի`ն իբրեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ եզակի ցամաքային կապին, արգելափակման առնչութեամբ։
Մենք ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՝ընենք ապահովելու միջանցքին երկայնքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան։
Մարդկայնական իրավիճակը ծայր աստիճան լարուած է, ուստի Սոցիալիստական Ինթերնացիոնալը խստօրէն կը յորդորէ կողմերը երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու դիմելու, կանխելու համար արգելափակման հետեւանքով խաղաղ բնակչութեան մարդկայնական ճգնաժամը:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու միջոցով, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան արտաքին քաղաքական հնարաւորութիւններով լայնածաւալ աշխատանքներ տանիլ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, միջազգային զօրակցութեան ապահովման եւ ազրպէյճանի հանդէպ միջազգային ճնշումներու յառաջացման ուղղութեամբ։
ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակ
