Կանխելու Համար ազրպէյճանի Կողմէ Նախապատրաստուող Ցեղասպանութիւնը՝ Կը Դիմենք Միջազգային Հանրութեան. Արցախի ԱԽ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ, Յունուար 11-ին հրաւիրուած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն մասնակցած են Արցախի ԱԺ քաղաքական բոլոր ուժերուն ներկայացուցիչները:
Արցախի նախագահի աշխատակազմին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ քննարկուած են ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ արդէն շուրջ մէկ ամիս տեւող մարդկայնական ճգնաժամին հետեւանքները, անոր վերաբերեալ վերջին օրերուն հնչած բարձր մակարդակի քաղաքական յայտարարութիւնները. ընդունուած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԽ յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի.
«Շուրջ մէկ ամիս է, որ ազրպէյճանի գործող իշխանութիւններուն լիակատար ու բացայայտ աջակցութեամբ՝ խումբ մը, այսպէս կոչուած բնապահպաններ, փակած են Արցախը Հայաստանի հետ կապող միակ ճանապարհը։ Նման գործողութիւններով ազրպէյճանական կողմը Արցախի Հանրապետութեան բնակչութիւնը փաստացի զրկած է արտաքին աշխարհի հետ շփման միակ հնարաւորութենէն՝ 120 հազար բնակչութիւնը ձգելով լիակատար շրջափակման մէջ՝ անկէ բխող մարդկայնական, առողջապահական եւ տնտեսական բոլոր հետեւանքներով հանդերձ։
ազրպէյճանի նախագահի՝ սոյն թուականի Յունուար 10-ին կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին հնչեցուցած մտքերը հերթական անգամ փաստեցին, որ այս ամէնը ուրիշ բան չէ, քան ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին մէջ ուժի սպառնալիքի կիրառման ակնյայտ դրսեւորում, որ շարունակութիւնն է 2020 թ. Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին դէմ ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմին:
Այս իրողութիւններուն ծիրէն ներս, ՀՀ վարչապետի՝ նախօրէին տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին հնչեցուցած շարք մը պնդումներ եւ տեսակէտներ յառաջացուցած են մտահոգութիւններ, քանի որ չեն համապատասխաներ ինչպէս համազգային պայքարի գաղափարներուն, այնպէս ալ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան եւ իշխանութիւններու որդեգրած դիրքորոշման:
Մենք կը գիտակցինք բոլոր այն հետեւանքները, որոնք կը բխին մեր որդեգրած քաղաքական գիծէն եւ կը վերահաստատենք մեր դիրքորոշումը առ այն, որ Արցախի ինքնիշխանութիւնը եւ պատմական հայրենիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը բացարձակ արժէքներ են: Որեւէ պարտադրանք կամ սպառնալիք չի կրնար մեզի ետ պահել պայքարը շարունակելու մեր կայացուցած որոշումէն:
Ըստ այդմ, կը դիմենք միջազգային հանրութեան՝ ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած ահաբեկչական գործողութիւնները, ծրագրուող ցեղական զտումները եւ նախապատրաստուող նոր ցեղասպանութիւնը կանխելու համար պատասխանատւութիւն ստանձնելու կոչով:
Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները վստահ են, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը պիտի շարունակէ սատար կանգնիլ Արցախի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն կայացուցած որոշման, եւ ՀՀ իշխանութիւնները կը յորդորեն առաջնորդուիլ բացառապէս Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային ատեաններու մէջ առաջ տանելու եւ պաշտպանելու դիրքորոշմամբ՝ օգտագործելով միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան բոլոր հնարաւորութիւններն ու ողջ գործիքակազմը»:
