Տիգրանակերտի Ս․ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Ծննդեան Պատարագ Մատուցուած է
Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, 8 տարուան դադարէ մը ետք, առաջին անգամ մատուցուած է Սուրբ Ծննդեան պատարագ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
2015-ին Սուրի մէջ սկսած բախումներուն հետեւանքով՝ եկեղեցին լուրջ վնասուած էր, սակայն վերականգնումէն ետք՝ անիկա կրկին բացուած էր։
Պատարագին մասնակցելու համար Պոլիսէն ժամանած էր հայր Նաթան Արաբեանը, ինչպէս նաեւ տարբեր քաղաքներէ բազմաթիւ հայեր ու «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) նահանգային համանախագահները։ Արաբեանը ելոյթ ունեցած է եւ հանգստութեան, խաղաղութեան ու եղբայրութեան կոչ ուղղած։
