Շրջափակման Օրերուն Արցախի Մէջ 110 Երեխայ Ծնած է
Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ, 2022 թուականի ընթացքին ծնած է 1623 երեխայ, որուն 15-ը՝ զոյգ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն։
Հարկ է նշել, որ արտամարմնային բեղմնաւորման ճանապարհով ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ ծնած է 17 երեխայ, որուն 16-ը՝ «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն» ՓԲԸ-ի մէջ, 1-ը՝ «Մարտակերտի շրջանային բուժմիաւորում» ՓԲԸ-ի մէջ:
2023 թուականի Յունուար 1-8 ինկած ժամանակահատուածին ԱՀ բուժհաստատութիւններուն մէջ ծնած է 43 երեխայ:
Շրջափակման օրերուն Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ ծնած է 110 երեխայ:
