Տեղի Ունեցածը Արցախի Ռազմավարութեան Արմատական Վերանայում Կը Պահանջէ. Դաւիթ Բաբայեան
Տեղի ունեցածը կը պահանջէ Արցախի պետականաշինութեան ողջ փիլիսոփայութեան եւ ռազմավարութեան արմատական վերանայում։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան:
«ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը, ի հարկէ, սպասելի էր։ Բայց, ինչպէս կ՝ըսեն, քանի դեռ որոտը չէ բռնկած… եզրակացութիւններ չեն ըներ։ Տեղի ունեցածը կը պահանջէ Արցախի պետականաշինութեան ողջ փիլիսոփայութեան եւ ռազմավարութեան արմատական վերանայում։ Այս վերանայումը պէտք է վերաբերի թէ՛ պետական ծրագրերուն, թէ՛ զարգացման առաջնահերթութիւններուն, թէ՛ մեր առօրեային։ Միայն այս կերպով մենք պիտի կարենանք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները»,- գրած է ան։
