ԱՄՆ-ը Պէտք է Պատժամիջոցներ Մտցնէ Ազրպէյճանի Դէմ. Genocide Watch

Աշխարհ, Հայաստան

Genocide Watch կազմակերպութիւնը ԱՄՆ-ին կոչ ըրած է պատժամիջոցներ մտցնելու ազրպէյճանի դէմ՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետ կապուած։

«ԱՄՆ-ը պէտք է դատապարտէ ազրպէյճանը եւ

1) կիրառէ 907 յօդուածը եւ դադրեցնէ ռազմական օգնութիւնը,

2) պատժամիջոցներ մտցնէ՝ օգտագործելով Մակնիտսքիի օրէնքը եւ կիրառելի այլ իրաւական գործիքներ,

3) արտակարգ օգնութիւն ուղարկէ 120,000 հայերուն, որոնք մարդկայնական ճգնաժամի մէջ են»,- նշուած է կազմակերպութեան Twitter-ի յայտարարութեան մէջ։

Genocide Watch-ը նաեւ համաշխարհային հանրութեան կոչ ըրած է դատապարտելու ազրպէյճանը՝ Արցախի ժողովուրդը քաղցի եւ ցուրտի մատնելու աղաղակող փորձին համար։