Ազրպէյճանը Բացարձակ Անպատիժ Կը Գործէ․ Արցախի ՄԻՊ
ազրպէյճանը կը գործէ բացարձակ անպատիժ՝ անտեսելով միջազգային կազմակերպութիւններու եւ պետութիւններու յայտարարութիւնները։ Այս մասին Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։
«Այս իրավիճակին մէջ միակ իրատեսական քայլը ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառումն է։ Միջազգային խաղացողները պէտք է որոշեն՝ կարեւոր է սովի մատնուած մարդոց կեա՞նքը, թէ՝ տնտեսական կամ այլ շահերը»,- գրած է ան։
