
Հայաստանը ազրպէյճանի Դէմ Հայց Ներկայացուցած է Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան
Հայաստանը ազրպէյճանի դէմ հայց ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան՝ Ռասսայական խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթի ծիրէն ներս: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանին տարածած մամուլի հաղորդագրութիւնը:
Հայաստանը Հաագայի դատարանին խնդրած է կիրառել հետեւեալ միջանկեալ միջոցները՝ պարտաւորեցնել ազրպէյճանին դադրեցնել ենթադրեալ «ցոյցեր»-ու կազմակերպումը եւ անոնց աջակցութիւնը, որուն հետեւանքով արգելափակուած է Լաչինի միջանցքով անարգել ազատ տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով: Բացի այդ, Հայաստանը խնդրած է դատարանին պարտաւորեցնել ազրպէյճանին ապահովել Լաչինի միջանցքով բոլոր մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անարգել ազատ տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով:
Հայաստանը, Դեկտեոմբեր 14-ին, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կանոնակարգին համապատասխան նամակով տեղեկացուցած էր ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ անոր հետեւանքով Արցախի բնակիչներու իրաւունքներուն խախտման մասին: Միաժամանակ, Հայաստանը նոյն օրը դիմած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ պահանջելով կիրառել միջանկեալ միջոցներ ազրպէյճանի հանդէպ եւ պարտաւորեցնել վերջինիս ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը:
Դեկտեմբեր 21-ին, Եւրոպական դատարանը որոշած էր Դատարանի կանոնակարգի 39-րդ կանոնին հիման վրայ պարտաւորեցնել ազրպէյճանին ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները՝ ապահովելու «Լաչինի միջանցքով» Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդներուն տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ ճանապարհին անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերուն անվտանգ տեղաշարժը: