Լաչինի Միջանցքին Փակ Ըլլալուն Հետեւանքով Հայաստան Մնացած Խումբ Մը Արցախցիներ Ամանորը Կը Դիմաւորեն Եռաբլուրի Մէջ

Հայաստան

ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակելուն հետեւանքով՝ Հայաստան մնացած արցախցիները Ամանորը պիտի դիմաւորեն Եռաբլուր զինուորական պանթէոնի մէջ: Այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան։

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արցախի շրջափակման հետեւանքով Երեւան մնացած խումբ մը անձեր Ամանորի նախաշեմին կը նախաձեռնեն երթ դէպի Եռաբլուր, ուր կը դիմաւորենք Նոր Տարին:

Դեկտեմբեր 31-ին, ժամը 20:00-ին Երեւանի քաղաքապետարանէն լուռ մոմավառութեամբ պիտի շարժինք դէպի Եռաբլուր:

Ասիկա եւս մէկ առիթ է համախմբուելու, Արցախի կողքին կանգնելու եւ Հայրենիքի համար նահատակուածներուն յիշատակը վառ պահելու համար:

Միացէ՛ք` լռութեամբ դիմաւորենք Ամանորը Հայրենիքի համար ամենաթանկը զոհած մարդոց կողքին»։