
Լաչինի Միջանցքով Մուտքի Փաստացի Փակումը Բացասաբար Կ՝անդրադառնայ Երեխաներու Վիճակին Վրայ․ UNICEF
UNICEF-ը յայտարարութիւն տարածած է Լաչինի միջանցքին հետ կապուած իրավիճակին վերաբերեալ.
«Լեռնային Ղարաբաղի՝ Լաչինի միջանցքով մուտքի փաստացի փակումը բացասաբար կ՝անդրադառնայ երեխաներու իրավիճակին վրայ: Որքան երկար տեւէ այս իրավիճակը, այդքան աւելի շատ պիտի տուժեն երեխաները հիմնական սննդամթերքի եւ տարրական ծառայութիւններու պակասէն, որոնք անհրաժեշտ են իրենց գոյատեւման, առողջ աճի եւ բարեկեցութեան համար: Մինչդեռ շատ երեխաներ զրկուած են նաեւ ծնողական խնամքէ, քանի որ բաժնուած են իրենց ծնողներէն կամ օրինական խնամակալներէն:
UNICEF-ը կը վերահաստատէ նախորդ համաձայնութիւններուն համապատասխան Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին կոչը: Ասիկա չափազանց կարեւոր է ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երեխաները ըլլան պաշտպանուած, եւ որ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարենան ապահով եւ արագ հասնիլ կարիքի մէջ գտնուողներուն:
UNICEF-ը կը շարունակէ երկխոսութեան եզրեր փնտռել եւ համագործակցիլ բոլոր դերակատարներուն հետ, որպէսզի հնարաւորութիւն ստանայ մուտք գործելու՝ աջակցելու այդ տարածքին մէջ բնակող երեխաներուն»: