Դատապարտել ազրպէյճանը Միջազգային Իրաւունքի Դրոյթներու Խախտման, Պատերազմական Ոճրագործութիւններու Համար․ Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներու Նամակը
Ֆրանսայի տարբեր առանցքային կուսակցութիւններու քաղաքական առաջնորդներ, հակառակ քաղաքական տարբերուող հայեացքներուն, համատեղ բաց նամակ հրապարակած են Ֆրանսայի մէջ ամենամեծ լսարանը ունեցող «Մոնտ» («Le Monde») օրաթերթին մէջ՝ հայցելով Ֆրանսայի նախագահին միջամտութիւնը՝ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։ Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ ներկայացնելով նամակին հայերէն թարգմանութիւնը.
«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈւԹԻւՆԸ
Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր ազրպէյճանը գրաւած է Արցախի / Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը՝ այսպիսով ստեղծելով մարդկայնական մեծ աղէտի վտանգ: 120 հազար մարդ, որոնց մէջ 30 հազար երեխաներ, զրկուած են կենսական պաշարներէ, ինչպէս՝ սնունդէ եւ բժշկական անհրաժեշտ միջոցներէ: Երեք օր շարունակ ազրպէյճանը կտրած էր նաեւ կազի մատակարարումը՝ զրկելով Արցախի բնակչութիւնը ջեռուցումէ ցրտաշունչ ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ:
Այս իրադարձութիւնը 2020 թուականի Սեպտեմբերէն ի վեր հայերուն դէմ՝ ըլլան անոնք Հայաստանի, թէ Արցախի Հանրապետութիւններու քաղաքացիներ, ազրպէյճանի յարձակումներու սրման նոր փուլի սկիզբ է եւ կոպիտ խախտում կը հանդիսանայ թէ՛ միջազգային իրաւունքի, թէ՛ Ժընեւի համաձայնագրերու եւ թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս կայացած բանակցութիւններու, որոնք կը նախատեսեն ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ հանգուցալուծում:
Հիմքեր կան կարծելու, որ ազրպէյճանը կանգ պիտի չառնէ այսպիսով եւ պիտի շահագործէ ցանկացած առիթ՝ իր գործելակերպով ապակայունացնելու եւ հալածելու համար Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչները՝ յայտարարուած ցեղական զտման նպատակով:
ազրպէյճանի գործողութիւնները՝ պատերազմական փաստագրուած ոճրագործութիւնները, ցեղական ատելութեան տարածումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, 2022թ Սեպտեմբերին Հայաստանի դէմ յարձակումը եւ անոր ինքնիշխան տարածքի մէկ մասին ապօրինի գրաւումը, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ կրկնուող յանցագործութիւնները, այլեւս
կը կրեն անթուլատրելի բնոյթ, որ ցանկացած այլ հանգամանքներու մէջ Ֆրանսան կը դրդէ միջամտելու: Աւելին՝ վտանգուած է բարեկամ ազգ մը՝ «Մեր արիասիրտ փոքրիկ դաշնակից Հայաստանը», ինչպէս ըսած է Ժորժ Գլեմանսոն:
Ֆրանսան եւ հայերը կապուած են բազմադարեան մշակութային, քաղաքական, տնտեսական բազմաթիւ թելերով: Ֆրանսայի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու պատմութիւնը Ֆրանսան եւ Ասիան ու Մերձաւոր Արեւելքը կապող ճանապարհներն են (սկսած Ժագ Գիւրի, Ռիշէլյէի եւ Գոլպըրի ժամանակներէն), մեր կերպասի արդիւնաբերութեան զարգացումն է, առաջին սրճարանը Փարիզի մէջ, Սուէզի ջրանցքը, Ֆրանսաի մէջ որդան կարմիրի եւ ծիրանի յայտնուիլը, մեր ժողովրդական պարահանդէսներուն աքորտէոնը: Ֆրանսան եւ հայերը մեր դրօշի տակ Մեծ պատերազմին կռուող հայ լեգիոնն է, Դիմադրութեան շարժման՝ ընդդէմ բարբարոսութեան ըմբոստացած հերոս Միսաք Մանուշեանի ինքնազոհաբերումը:
Ֆրանսան եւ հայերը, վերջապէս, մեր մեծ գրողներու յուշն են ՝ Գորնէյէն մինչեւ Ներվալ, Սանտէն մինչեւ Լամարթին, Վիքթոր Հիւկոյէն, Ռոմէն Ռոլանէն եւ Մաքս Ժագոբէն մինչեւ Լուի Արակոն:
Սակայն, հնարավոր է, որ 1915 թուականին Անատոլ Ֆրանսի արտասանած խօսքերն են, որ լաւագոյնս ի մի կը բերեն այն, ինչ մեզ կը կապէ հայերուն:
«Մենք հասկցանք վերջապէս, որ Արեւելքի մեր քոյրը կը մեռնէր եւ կը մեռնէր, որովհետեւ մեր քոյրն էր, այն մեղքի համար, որ կիսած էր մեր զգացմունքները, որ սիրած էր այն, ինչ մենք կը սիրէինք, մտածած այն, ինչ մենք կը մտածենք, հաւատք տածած այն ամէնի հանդէպ, ինչին մենք կը հաւատանք եւ մեզի պէս ճաշակած իմաստնութիւնը, հաւասարութիւնը, բանաստեղծութիւնը, արուեստները: Այս էր անոր անապաշխարելի յանցագործութիւնը»:
Կան հիմնարար արժէքներ, կան անկապտելի սկզբունքներ, որոնք կը միաւորեն մեզ՝ ֆրանսացի ժողովուրդին ընտրած ծերակուտականներն ու պատգամաւորները՝ մեր տարաձայնութիւններէն եւ քաղաքական փոխադարձ տեսլականներէն անդին:
Կան հիմնարար արժէքներ, կան անկապտելի սկզբունքներ, որոնք կը միաւորեն մեզ եւ մեզ ազգ կը դարձնեն. Ֆրանսական մեծ եւ գեղեցիկ ազգը:
Յանուն այս արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, որոնք ծնած են Մարդու եւ Քաղաքացիի իրաւունքներու Հռչակագիրէն, յանուն հայ ժողովուրդը մեզ կապող անքակտելի կապերուն, Ծերակոյտը միաձայն՝ բացառութեամբ մէկ ձայնի, ապա Ազգային ժողովը միաձայն սոյն Նոյեմբերին ընդունեցին բանաձեւեր՝ ի սատար Հայաստանի, որ զոհ է մասնակի ռազմական գրաւման եւ չդադրող յարձակումներու: Այս բանաձեւերը շարունակութիւնն էին 2020 թ Նոյեմբերին ընդունած առաջին բանաձեւերուն, որոնք ընդունուած են նոյն ձեւակերպումներով յօգուտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման եւ ի պաշտպանութիւն Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքի հողի մը վրայ, ուր անոնք կ՝ապրին Հնագոյն ժամանակներէ ի վեր:
Մէկ դար ետք, մենք՝ ֆրանսացի խորհրդարանականներս, պատասխանեցինք Ժան Ժորէսի կոչին՝ հնչեցուցած 1896 թուականի Նոյեմբեր 3-ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական ջարդերու օրերուն, Պատգամաւորներու պալատին մէջ արտասանած իր ճառին մէջ «Պէտք է փրկել հայերը»:
«Այսինքն, թափուած այսքան արեան առաջ, այսքան անմարդկային եւ վայրագ արարքներուն առաջ, Ֆրանսայի խոստման եւ մարդկային իրաւունքի ոտնահարման առաջ ոչ մէկ ճիչ հնչեց եւ ոչ մէկուն շուրթերէն, խօսք մը ծնաւ ձեր գիտակցութենէն, եւ դուք լուռ, հետեւաբար՝ մեղսակից, ներկայ եղաք իսպառ բնաջնջման»:
Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի ժողովրդավարական կամարտայայտութեան համահունչ՝ մենք կը խնդրենք Հանրապետութեան նախագահէն ընել հնարաւորը՝ ապահովելու համար Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տեւական անվտանգութիւնը:
Այն պարագային, երբ ազրպէյճանը յայտարարած է, որ կը հրաժարի Արցախի հիմնախնդրի շուրջ ցանկացած միջազգային բանակցութիւններէն, մենք՝ պատգամաւորներս եւ ծերակուտականներս, Ձեզ կը դիմենք անյապաղ միջամտելու անուղղելին կանխելու համար՝ առնելով հետեւեալ միջոցները.
— Դատապարտել ազրպէյճանը՝ միջազգային իրաւունքի դրոյթներու խախտման, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի մէկ մասի գրաւման եւ պատերազմական ոճրագործութիւններուն համար,
— Արցախի մէջ նախատեսել մարդկայնական ներկայութիւն եւ Հայաստանին ցուցաբերել անյապաղ տնտեսական օգնութիւն,
— Հանդիպիլ Արցախի ներկայացուցիչներուն,
— Միջնորդել Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր գործընկերներուն մօտ, որպէսզի անոնք նոյն քայլերը ձեռնարկեն, եւ սահմանել անոնց հետ ազրպէյճանի հանդէպ տնտեսական եւ քաղաքական պատժամիջոցներ,
— Միջնորդել Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր գործընկերներուն մօտ՝ վերագործարկելու համար Ստեփանակերտի օդակայանը եւ ապահովելու Արցախի հետ օդային կապի անվտանգութիւնը,
— Հայց ներկայացնել Միջազգային քրէական դատարան՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ միջազգային խաղաղապահ զօրախումբ ուղարկելու հեռանկարով:
Պարոն Նախագահ, Դուք այսօր ի զօրու էք կանխելու Պատմութեան կրկնութիւնը եւ ուղղելու անոր անարդարութիւններէն մէկը: Դուք կրնաք այսօր ապացուցել Ազգերու հանրութեան, որ Ֆրանսան մեծ է եւ հաւատարիմ համաշխարհային արժէքներուն, իր իսկ բարոյական պարտքին եւ պատուին:
Պարոն Նախագահ, Դուք, վերջապէս, կրնաք ապացուցել բոլոր մեր հայրենակիցներուն, որ Ֆրանսան ազատ է, որ ան կրնայ ձերբազատիլ քաղաքական կամ տնտեսական կարճատես ռազմավարութիւններէ՝ պաշտպանելու համար իր մարդկայնական իտէալները, որոնք մեր Ազգին հիմքն են»։
Հեղինակներ՝
Էրիկ Սիոտի, Ֆրանսայի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ
Օլիվիէ Ֆոր, Ֆրանսայի Սոցիալիստական կուսակցութեան Գլխաւոր քարտուղար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր
Հերվէ Մարսէյ, Ֆրանսայի Միաւորուած ժողովրդավարներու եւ անկախներու կուսակցութեան նախագահ, Ծերակոյտի անկախներու խմբակցութեան նախագահ
Ֆապիէն Ռուսէլ, Ֆրանսայի Կոմունիստական կուսակցութեան Գլխաւոր քարտուղար
Քրիստիան Գամպոն, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ
Պրունօ Ռըդայօ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի «Հանրապետականներ» խմբակցութեան եւ Ծերակոյտի Լեռնային Ղարաբաղի մասին միջազգային իրազեկութեան խումբի նախագահ
Էլիան Ասասի, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Կոմունիստական խմբակցութեան նախագահ
Կիյոմ Կոնդար, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Բնապահպանութեան, համերաշխութեան եւ տարածքային կառավարման խմբակցութեան նախագահ
Փաթրիք Գաններ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Սոցիալիստական եւ Բնապահպանութեան հանրապետական խմբակցութեան նախագահ
Ժիլպէր-Լիւգ Տըվինազ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի «Ֆրանսա-Հայաստան» բարեկամութեան խումբի նախագահ Փիեռ Ուզուլիա, Ծերակուտական
