Եթէ Վաղը Մինչեւ Ժամը 15։00 Ճանապարհը Չբանան, Բոլորով Պիտի Բարձրանանք Շուշիի Բարձունքը. Արցախցի
Սիրելի արցախցիներ, մենք հիմա Շուշիի բարձունքին ենք, ներքեւը Ստեփանակերտն է, եկած ենք ռուս խաղաղապահներուն ըսելու, որ իրենց առաքելութիւնը կատարեն, ճանապարհը բանան, մեր անվտանգութիւնը պահեն: Այս մասին Facebook-ի իր էջի ուղիղ եթերով յայտարարեց արցախցի կին մը՝ Սօսէ Բալասանեանը:
Ան նաեւ յայտարարեց. «Ստացած ենք առաջարկ, որ կրնան ուղեկցիլ մեզի, անցնելու թուրքերուն մէջէն, որ երթանք մեր երեխաները վերցնենք, վերադառնանք: Մենք չենք համաձայնած, ըսած ենք՝ ինչպէս ճանապարհը եղած է, մենք անվտանգ երթեւեկած ենք՝ առանց թուրքերուն մէջէն անցնելու, այդ նոյն կարգավիճակով համաձայն ենք երթալ-գալ: Կը սպասենք մինչեւ վաղը:
Ձեզմէ խնդրանք մը ունիմ, Ստեփանակերտի մէջ ապրողներդ մէկ մարդու պէս, վաղը ժամը 15։00-ին դուրս գաք հրապարակ: Քանի որ մեր ղեկավարները անգործ են, լուռ են, մենք 12 օր շրջափակման մէջ ենք, գերիի կարգավիճակով: Կը հաւաքուինք հրպարակի մէջ եւ եթէ մինչ այդ ժամը չբացին ճանապարհը, մենք բոլորով կը բարձրանանք այստեղ, կը հասնինք ռուսերու փոսթ, թէ ռուսերու հետ խօսինք, թէ թուրքերու հետ խօսինք, պէտք է ճանապարհը բանանք: Ատիկա մեր կեանքի ճանապարհն է: Մենք այստեղ կ՝ապրինք ու պիտի ապրինք: Ես տեղ չունիմ երթալու»:
