Արցախցիները Ստեփանակերտէն Քայլերթով Կը Բարձրանան Շուշի. Նայիրի Հոխիկեան

Հայաստան

Արցախցիներու մեծ խումբ մը քայլերթով Ստեփանակերտէն կը բարձրանայ Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկ, ուր հաւաքուած են ազրպէյճանցի աղաւնի խեղդող “բնապահպանները”։ Այս մասին կը հաղորդէ Նայիրի Հողիկեանը։

«Իմ կարծիքով, ասիկա ճիշդ ու կարեւոր քայլ է, քանի որ առաջին հերթին նոյնինքն Արցախցիները պէտք է պայքարին իրենց ինքնորոշման ու Արցախի ազատութեան համար։ Արցախն է ամբողջ Հայաստանի ազատագրութեան խթանիչ ուժը։

Իսկ հայաստանցիները չեն կրնար Տեղ գիւղէն առաջ երթալ, բան մը, որ հնարաւորութիւն չի տար միւս կողմէն մօտենալու։ Վերջին երկու օրուան մէջ քանի մը անգամ փորձեցի, անվտանգութեան նկատառումներով խստացուած հսկողութիւն է»,- կը յայտնէ Հոխիկեանը։