Ազրպէյճանը Կը Պահանջէ, որ Ռուբէն Վարդանեանը Հեռանայ Լեռնային Ղարաբաղէն. Պայրամով
Ազրպէյճանը կը պահանջէ, որ Ռուբէն Վարդանեանը հեռանայ Լեռնային Ղարաբաղէն։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, յայտարարած է ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար ճէյհուն պայրամովը՝ Ուրբաթ օրը կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին՝ իր ռուս գործընկեր Սերգէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններուն արդիւնքներով։
«Անոր գործունէութիւնը կը կրէ յանցաւոր եւ արկածախնդիր բնոյթ: Մենք կը կարծենք, որ ատոր պէտք է վերջ տալ: Եւ որքան շուտ այս մարդը հեռանայ այս տարածաշրջանէն, այնքան լաւ պիտի ըլլայ բոլորի համար, առաջին հերթին՝ ասկէ կը տուժէ տեղի բնակչութիւնը»,- ըսած է պայրամովը։ Ան Վարդանեանին տարածաշրջանին համար «օտար տարր» անուանած է։
