Ֆրանսան Չի Կրնար Արցախը Ձգել Բռնապետ Իլհամ Ալիեւի Քմահաճոյքին․ Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէյլի Քաղաքապետերուն Կոչ Կ՝ընեն Պատժամիջոցներ Կիրառելու Ազրպէյճանի Հանդէպ
Ֆրանսայի երեք քաղաքներու՝ Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէյլի քաղաքապետերը «Լիպերասիոն» օրաթերթին մէջ հրապարակած են համատեղ յօդուած-կոչ՝ հայցելով պատժամիջոցներ կիրառել ազրպէյճանի հանդէպ՝ վերջինիս կողմէն Լաչինի միջանցքը արգելափակելուն համար։
Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը Facebook-ի իր էջին վրայ հրապարակած է յօդուածին հայերէն թարգմանութիւնը: Կը նշուի, որ Արցախի Հանրապետութիւնը դարձած է պաքուի վարչաձեւին կազմակերպած շրջափակման զոհը, որ աստիճանաբար շնչահեղձ կ՝ընէ Արցախը։ Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէյլի քաղաքապետերը կը հայցեն, որ Ֆրանսան եւ Եւրոմիութիւնը հնարաւորինս արագ արձագանգեն՝ իբրեւ աջակցութիւն Արցախի՝ յստակ գործողութիւններով:
«Արցախի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը նոր ուժգնութիւն ստացաւ Դեկտեմբեր 12-ին, երբ պաշտօնական պաքուի կազմակերպմամբ արգելափակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը: Անոր զուգահեռ, մինչեւ նախորդ Ուրբաթ օրը, ազրպէյճանը փակած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կազի մատակարարումը՝ վկայելով ատով իսկ Հարաւային Կովկասի պաշարուած այս փոքրիկ Հանրապետութիւնը շնչահեղձ ընելու իր կամքին մասին: Սակայն, արեւմտեան կառավարութիւններու համախմբումը, եւ մասնաւորապէս Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը դրդեցին պաքուն վերսկսելու կազի մատակարարումը եւ ատով իսկ բարեբախտաբար խուսափելու իրավիճակի վատթարացումէն՝ ցուրտ ձմրան այս նախաշեմին:
Իրավիճակը, այնուամենայնիւ, կը մնայ անընդունելի եւ Ֆրանսան չի կրնար հանդուրժել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ (որուն տարածքներուն մէկ մասը բռնագրաւուած է ազրպէյճանի կողմէ) բնակող հարիւր քսան հազար հայերուն սպառնացող անդադար վտանգը: Ֆրանսան չի կրնար անոնց ձգել բռնապետ Իլհամ Ալիեւի քմահաճոյքին, որ երկու տասնամեակէ ի վեր կը խրախուսէ հայատեաց քաղաքականութիւնը:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը, ապա՝ Ազգային ժողովը, վերջերս ֆրանսական կառավարութեան կոչ ըրին կառուցուածքային միջոցներ ձեռք առնելու:
Այս ծիրէն ներս, մենք կոչ կ՝ընենք Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահին պաշտօնապէս հանդիպելու Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած ներկայացուցիչներուն: Ատոր զուգահեռ,կոչ կ՝ընենք անվերապահ դատապարտելու պաքուի վարչակարգը, որ իր ԱԳ Նախարարին շուրթերով յայտարարած է, որ ազրպէյճանը այլեւս ոչինչ պիտի բանակցի ԼՂ հարցով, ի խախտումն իր իսկ՝ մասնաւորապէս 2020 թ․ Նոյեմբեր 9-ի ծիրէն ներս ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն:
Մենք կը հայցենք նաեւ նախաձեռնել ազրպէյճանի հանդէպ պատժամիջոցներու եւրոպական քաղաքականութիւն, ինչպիսին որդեգրուած է Ռուսիոյ դէմ՝ սկսելով օրինակ, սառեցնել ազրպէյճանցի ղեկավարներուն եւ հարստահարողներուն հաշիւները, որոնք կը պահուին մեր երկրին մէջ:
Եւ քանի որ այս վարչակարգը այլեւս չ՝ուզեր բանակցիլ, մենք կը հայցենք, որ Ֆրանսան որդեգրէ թափանցիկ դիրքորոշում Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ, մասնաւորապէս ապակեդրոնացուած համագործակցութեան եզրոյթին մէջ, որպէսզի մեր մարզերը, բաժանմունքները եւ քաղաքները, Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյլի կամ եւ այլ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու օրինակով, կարենան համախմբել մարդկային եւ նիւթական միջոցներ՝ օգնութեան ձեռք մեկնելով Արցախին իրար յաջորդող հակամարտութիւններուն հետեւանքով քանդուած բազմաթիւ ենթակառուցուածքներու վերականգնման համար:
Մենք նաեւ կը հայցենք, որ Ֆրանսան մասնակցի Ստեփանակերտի օդակայանի վերագործարկման. օդային այս կամուրջը թոյլ պիտի տայ նուազեցնելու շրջափակման հետեւանքները եւ թեթեւցնելու հազարաւոր խաղաղ բնակչութեան կեանքը, որոնց միակ մեղքը կը կայանայ սեփական հողին վրայ ապրելու կամքին մէջ:
Հաստատակամ համոզուած ըլլալով, որ Ֆրանսայի դիւանագիտութիւնը պէտք է մեծ դերակատարութիւն ունենայ՝ կոչ կ՝ընենք Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահին եւ ԱԳ Նախարարին շարունակելու գործադրել ջանքեր, զանոնք համադրելով մեր գործընկերներուն հետ, տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու եւ, միջազգային իրաւունքին համահունչ, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կիրառումը ապահովելու համար»,- նշուած է յօդուածին մէջ:
Քաղաքապետերը նաեւ հայցած են, որ Ֆրանսան եւ Եւրոմիութիւնը մեծ հեռատեսութիւն ցուցաբերեն ազրպէյճանի հետ համագործակցութեան եւ առեւտրական համաձայնագրեր կնքելու ժամանակ: Նշած են, որ Ուրսուլա Վան տեր Լէյէնի՝ պաքուէն կազամատակարարում ստանալու նախաձեռնութիւնը անոնց աւելի քան կ՝անհանգստացնէ: Իրենց խօսքով՝ կ՝անհանգստացնէ յատկապէս այն հանգամանքը, որ Արցախի Հանրապետութեան դէմ տարուող հակամարտութեան ֆինանսաւորումը կրնայ չդատապարտուիլ եւ կոշտ հակադրութեան չարժանանալ Ֆրանսայի ղեկավարներուն կողմէ:
