«Բացէք Կեանքի Ճանապարհը». Արցախցի Փոքրիկներու Ցոյցը Ստեփանակերտի Մէջ
Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, խումբ մը փոքրիկներ, Դեկտեմբեր 22-ին, ցուցապաստառներով բողոքի ցոյց իրականացուցած են՝ ընդդէմ ազրպէյճանական անմարդկային արարքին եւ Արցախի ամբողջական շրջափակման։ Այս մասին կը հաղորդէ Նորութիւններ Արցախից Facebook-ի էջը։
Փոքրիկները բռնած են «Բացէք կեանքի ճանապարհը», «Դադրեցուցէք Ազրպէյճանի ակրեսիան», «Մենք Ազրպէյճանի փոքրամասնութիւն չենք» գրառումներով պաստառներ:
Յիշեցնենք, արդէն 11 օր է՝ Արցախը ամբողջական շրջափակման մէջ է: Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան ազրպէյճանական կողմը բնապահպանական կեղծ պատրուակներով փակած է Լաչինի միջանցքը, որ Արցախը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհն է:
Ազրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքը փակելուն հետեւանքով՝ Հայաստանէն ամէն օր 400 թոն սննդամթերք ու դեղորայք հնարաւոր չ՝ըլլար հասցնել Արցախի Հանրապետութիւն։
