Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը Կը Դիմէ ՄԱԿ-ին՝ Արցախ Վերահսկիչ Խումբ Գործուղելու Համար
«2022թ. Դեկտեմբեր 12-ին, կեղծ բնապահպանական պատրուակով, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, ազրպէյանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը մարդկայնական աղէտի վերածուելու եւ փխրուն խաղաղութիւնը խաթարելու ու տարածաշրջանային նոր ապակայունացման միտում ունի:
Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը երախտագիտութիւն կը յայտնէ խնդիրով մտահոգ երկիրներուն, միջազգային կառոյցներուն՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, ՄԻԵԴ-ին՝ ազրպէյճանի կողմէ շրջափակուած Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամային իրավիճակին արձագանգելու համար:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կը դիմէ ՄԱԿ-ին՝ բնապահպանական մտացածին պատրուակով ազրպէյճանի իշխանութիւններու սադրանքները քողազերծելու, տարածաշրջանային բնապահպանական հիմնախնդիրներուն ծանօթանալու եւ համապատասխան եզրակացութիւններ ներկայացնելու նպատակով կիրառելու միջազգային անհրաժեշտ գործիքակազմեր, մասնաւորապէս Շրջակայ միջավայրի ծրագիրի (UNEP) ծիրէն ներս վերահսկող խումբ գործուղելու Արցախի Հանրապետութիւն եւ յարակից տարածքներ:
Կ՝ակնկալենք գործուն քայլերով հանգուցալուծելու տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը»:
