Կը Պահանջենք Խտրականութիւն Չդնել Ազգերու, Ժողովուրդներու, Պետութիւններու եւ Պետականութիւններու Միջեւ․ Հայաստանաբնակ Արցախցիներու Ներկայացուցիչներ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանաբնակ արցախցիներու ներկայացուցիչները տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ կ՝ըսուի․

«2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ազրպէյճանի հանրապետութեան խումբ մը քաղաքացիներ, ներկայանալով իբրեւ «բնապահպաններ» արգելափակած են Արցախէն բնականոն եւ ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով, իսկ օդային կապը շատոնց արգելափակուած է ազրպէյճանական վարչաձեւին կողմէ: Ասոր հետեւանքով Արցախի բնակիչները զրկուած են ազատ տեղաշարժի իրաւունքէն (համաձայն ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի 13-րդ յօդուածի), Արցախը կանգնած է պարենային եւ մարդկայնական ճգնաժամի վտանգին առաջ:

Արցախի իշխանութիւնները ստիպուած յատուկ վարչաձեւ սահմանած են ուժանիւթի օգտագործման եւ առողջապահական համակարգերուն մէջ: Արդէն իսկ կան ծանր դէպքեր, երբ հիւանդներու յետագայ բուժումը պէտք է շարունակել կա՛մ Երեւանի մէջ, կա՛մ՝ արտերկրի, որ սակայն շրջափակման պայմաններուն մէջ անհնար է: Վերջացած կամ սպառուելու վրայ են առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները եւ շատ դեղամիջոցներ: Արցախի 1100 քաղաքացի, որուն 270-ը անչափահաս, տուն վերադառնալու հնարաւորութիւն չունի:

Ազրպէյճանի այս վարքագիծը հերթական անգամ կը վկայէ պաշտօնական պաքուի՝ Արցախի ցեղական զտումներու ենթարկելու քաղաքականութեան շարունակականութեան մասին:

Միջազգային պարտաւորութիւններու, նաեւ 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնով ստանձնած յանձնառութիւններու անշեղօրէն կատարումը, ուժի կիրառումէն կամ ուժի կիրառման սպառնալիքէն հրաժարումը, հրադադարի խստօրէն պահպանումը, Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի իրականացումը առանցքային են տարածաշրջանին մէջ ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան համար:

Մենք՝ հայաստանաբնակ հարիւրհազարաւոր արցախցիներու ներկայացուցիչներս, կը դիմենք ՄԱԿ-ին եւ կը պահանջենք խտրականութիւն չդնել ազգերու, ժողովուրդներու, պետութիւններու եւ պետականութիւններու միջեւ եւ միջազգային մեքենականութիւններու գործարկմամբ ապաշրջափակել ինքնորոշման իրաւունք ունեցող Արցախի Հանրապետութիւնը»։