Միջազգային 9 Կազմակերպութիւն Նախազգուշացուցած է Արցախի Մէջ Ցեղասպանութեան Վտանգի Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

«Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութիւնը՝ 8 այլ կազմակերպութիւններու հետ միասին՝ նախազգուշացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղասպանութեան վտանգի մասին։ Կազմակերպութիւնները Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին համաձայնագիրին միացած երկիրներուն կոչ ըրած են գործելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միջոցով՝ կանխելու հայերու ցեղասպանութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով կազմակերպութեան տարածած յայտարարութիւնը։

Կը նշուի, որ ազրպէյճանի կառավարութիւնը երկար ժամանակ պաշտօնական մակարդակով հայերու հանդէպ վարած է ատելութեան քաղաքականութիւն, «անպատիժ ձգած է հայերու հանդէպ իրականացուած վայրագութիւնները եւ սպառնացած է ուժով գրաւել ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղը, այլեւ՝ Երեւանը»։

«Ցեղասպանութեան կանխարգելման մասին ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի գրասենեակին կողմէ սահմանուած վայրագ յանցագործութեան վտանգին բոլոր 14 գործօնները առկայ են։ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ ազրպէյճանական ներկայ վերաբերմունքը կը համապատասխանէ ազրպէյճանի կառավարութեան, թուրքիոյ հանրապետութեան, օսմանեան կայսրութեան եւ անոնց համախոհներուն կողմէ հայերուն եւ տարածաշրջանի քրիստոնէական այլ համայնքներու դէմ իրականացուած ցեղական եւ կրօնական զտումներու վաղեմի քաղաքականութեան»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

Կազմակերպութիւնները Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին համաձայնագիրին միացած երկիրներուն, մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ-ին, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կոչ ըրած են  կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միջոցով՝ կանխելու հայերուն հանդէպ եւս մէկ ցեղասպանութիւն։ Բացի այդ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կոչ եղած է Ժընեւի չորրորդ համաձայնագիրին համապատասխան ապահովելու միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն անխոչընդոտ մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ՝ մարդասիրական նպատակներով։