Ի Հետեւումն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Նամակին՝ ԵՀԽ եւ ԵԵԿ-ն Հանդէս Եկած են Յայտարարութեամբ
Ի հետեւումն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դիմումներուն՝ ուղղուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատար Իոան Սաուգային եւ Եկեղեցիներու Եւրոպական Քոնֆերանսի գլխաւոր քարտուղար Եորկըն Սգոֆ Սորենսէնին, վերջիններս Դեկտեմբեր 19-ին, համատեղ նամակ յղած են Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով պատասխանատու Ժոզէբ Պորելին, որուն միջոցով կը դատապարտեն ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի մարդասիրական միջանցքին փակումը, որուն հետեւանքով շրջափակման մէջ յայտնուած է Արցախը։ Այս մասին կը յայտնէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը։
«Ասիկա 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին եռակողմ կնքուած համաձայնագիրի խախտում է, որմով կ՝ոտնահարուին միջազգային մարդասիրական իրաւունքները եւ բարոյական սկզբունքները»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Եկեղեցիներու Եւրոպական Քոնֆերանսի համատեղ նամակին մէջ նաեւ նշուած է, որ ազրպէյճանը մարդասիրական միջանցքը փակելով, ան ալ ձմրան ընթացքին եւ ժամանակաւորապէս դադրեցնելով կազի մատակարարումը, միտումնաւոր կերպով մարդկայնական արտակարգ իրավիճակ ստեղծած է 120,000 հայերու համար։
«Ասիկա այնպիսի արարք է, որ կը հակասէ ազրպէյճանի կողմէ բարի կամքի եւ մարդասիրական պատասխանատւութեան ցանկացած պնդումներուն»,- ըսուած է նամակին մէջ։
Նամակին համաձայն՝ ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայերուն հանդէպ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու եւ յանցագործութիւններու համար տուեալ երկիրը պատասխանատւութեան չէ ենթարկած։
«Այս պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդի մտավախութիւնները, որ ազրպէյճանական անմարդկայնութիւնը միտուած է իրենց դէմ ցեղասպանութիւն իրականացնելու՝ անհերքելի է, որն ալ աւելի կ՝ընդգծուի ներկայ իրողութիւններուն ծիրէն ներս»,- նշուած է նամակին մէջ։
Կոչ եղած է ԵՄ-ին՝ դիւանագիտական բոլոր նախաձեռնութիւններով հետամուտ ըլլալու, որպէսզի ազրպէյճանը վերաբանայ Բերձորի մարդասիրական միջանցքը եւ համապատասխան երաշխիքներ տրամադրէ զայն բաց պահելու համար:
«Մենք կոչ կ՝ընենք ընելու հնարաւոր ամէն ինչ, ապահովելու հայ-ազրպէյճանական սահմանին ԵՄ դիտորդական առաքելութեան իրաւագիրին երկարաձգումը՝ ներառելով Լաչինի միջանցքը եւ ապահովելու անկախ հսկողութիւն»,- կ՝եզրափակէ նամակը։
