Բանալ Արցախի «Կեանքի Ճանապարհը»․Դերասանները Բողոքի Ցոյց Կ՝իրականացնեն Ազատութեան Հրապարակին Վրայ (նկարներ, տեսանիւթ)

Հայաստան

Դերասանները, այս պահուն, բողոքի ցոյց կ՝իրականացնեն Ազատութեան հրապարակին վրայ՝ ընդդէմ Արցախի շրջափակման։

Panorama.am-ի տեղեկութիւններով՝ դերասաններուն միացած են նաեւ քաղաքացիները՝ իրականացնելու երթ՝ դէպի ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակ։ Պահանջը հետեւեալն է՝ ապաշրջափակել Արցախի կեանքի ճանապարհը։

«Արդէն ութ օր է, որ ազրպէյճանը փակած է Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող միակ ճանապարհը: Արցախի 120 հազարանոց բնակչութիւնը՝ ներառեալ 30 հազար փոքրիկ, կը գտնուի շրջափակման մէջ։ Դադրեցուած է սննդամթերքի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու մատակարարումը։

Ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդները չեն կրնար տեղափոխել Հայաստան՝ վիրահատութիւններու համար։ ազրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւններուն պատճառով՝ Արցախը յայտնուած է մարդկայնական աղէտի սեմին։

Կը շարժինք դէպի Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատուն, այնուհետեւ Ֆրանսայի դեսպանատուն եւ կ՝աւարտենք զայն ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին դիմաց:
Սոյն երթը կապուած չէ քաղաքական ոեւէ գործիչի հետ։ Անիկա չի կրեր քաղաքական բնոյթ, կազմակերպուած է հայ արտիստներու եւ ոչ անտարբեր մարդոց կողմէն։

Մենք կ՝ուզենք աշխարհին ցոյց տալ, որ մեզի համար կարեւոր է Արցախի ճակատագիրը, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պատրաստ է մինչեւ վերջ պայքարելու անոր համար, ցոյց տալու, որ մենք շատ ենք եւ անդրդուելի:

Մենք նաեւ կ՝ուզենք մեր զօրակցութիւնը յայտնել Արցախի մեր հայրենակիցներուն, ցոյց տալ, որ մենք անոնց հետ ենք եւ կը հասկնանք, թէ որքան դժուար է անոնց համար հիմա։«Կեանքի ճանապարհը» բանալու մեր պահանջը պէտք է լսելի ըլլայ»,- կը յայտարարեն դերասանները։

Մանրամասն՝ տեսանյութում։