Արցախի Հանրապետութեան Դէմ ազրպէյճանական Շարունակական Սադրանքներուն Վերաբերեալ ՀՅԴ Իրականացուցած Աշխատանքները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 12-ին Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի փակումէն եւ շուրջ 120,000 հայ արտաքին աշխարհի հետ ցամաքային կապի միակ միջոցէն զրկելէ ետք, Սփիւռքի ՀՅԴ կառոյցները եւ Հայ Դատի գրասենեակները լծուած են ստեղծուած իրավիճակը միջազգային հանրութեան ներկայացնելու եւ ազրպէյճանի հակամարդկային գործողութիւնները դատապարտող միջազգային արձագանգներ ստանալու գործին։

ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը մեծ ծաւալի աշխատանքներ իրականացուցած են ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշում գործադրելու, պաքուն ռազմաքաղաքական աջակցութենէ զրկելու, կեանքի ճանապարհի վերագործարկումը ապահովելու ուղղութիւններով։

ՀՅԴ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբին իրականացուցած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք ԱՄՆ քոնկրեսական Ադամ Շիֆի գլխաւորութեամբ՝ քոնկրեսականները նամակ յղած են Ճօ Պայտընին՝ պահանջելով պատժամիջոցներ կիրառել ազրպէյճանի հանդէպ եւ գործուն աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախին։

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին գործադրած ջանքերուն իբրեւ արդիւնք՝ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին խնդիրով դիմած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելին ու ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգային հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէբ Պորելին։

Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները հանգամանօրէն մատնանշած են Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհի արգելափակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական եւ հասարակական-տնտեսական իրավիճակն ու յարձակման շարունակման պարագային՝ վերահաս աղէտալի հետեւանքները։ Նամակով պատգամաւորները պահանջած են քայլեր ձեռնարկել ապահովելու «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնիկ հայերու անվտանգութիւնը»։

ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւնով հանդէս եկած է Աւստրալիոյ Դաշնային խորհրդարանի ամենամեծ քաղաքական կուսակցութիւնը՝ «The Australian Greens»ը։

Միջանցքը անյապաղ բանալու կոչով հանդէս եկած է նաեւ
 աշխարհի խոշորագոյն երիտասարդական-քաղաքական կազմակերպութիւնը՝ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը (IUSY)-ն։

ՀՅԴ կառոյցներու ջանքերով այս օրերուն ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի մէջ։

ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցները կը շարունակեն այս ուղղութիւններով տարուող աշխատանքները։