Վահագն Դաւթեանի 100-ամեակին Նուիրուած Գրական Ցերեկոյթ՝ Երեւանի Մէջ

Հայաստան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ, Դեկտեմբեր 16-ին, կայացաւ գրական ցերեկոյթ՝ նուիրուած հայ անուանի գրող Վահագն Դաւթեանի 100-ամեակին։ Այս մասին կը հաղորդէ Համազգային Երեւանի գրասենեակը։

Գրական ցերեկոյթին ընթացքին կայացաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կողմէ գրողի 100-ամեակին առիթով լոյս տեսած, խորհրդանշական 100 բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհանդէսը։ Գիրքը կազմած է ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Սիլվա Եուզպաշեանը, խմբագիրն է բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան։

Ձեռնարկը բացուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանի խօսքով, այնուհետեւ ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան ունկնդրելու ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Սիլվա Եուզբաշեանի հրաշալի ասմունքը։

Ելոյթներով հանդէս եկան ՀՀ Գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Դէմիրճեանը, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Անժելա Խորենեանը, գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեանը, գիրքի խմբագիր, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը, գրականագէտ, «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արմէն Աւանէսեանը։

Ձեռնարկը փակուեցաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի խօսքով։

Ցերեկոյթին ընթացքին հնչեցին Վահագն Դաւթեանի այն բանաստեղծութիւններէն, որոնք տարբեր ժամանակներու մէջ վերածուած են երգերու։ Կայացաւ «Աշուն» երգի անդրանիկ ելոյթը։ Երաժշտութեան հեղինակն է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի փրոֆէսըր Մարգարիտ Սարգսեանը։ Կատարեց՝ Անդրանիկ Մալխասեանը։